image

Թուրք- Յունական յարաբերութիւնները դէպի դրական հուն. Այդ մասին ակնարկած է Ֆիտան

Թուրք- Յունական յարաբերութիւնները դէպի դրական հուն. Այդ մասին ակնարկած է Ֆիտան

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը նոյեմբեր 8-ին պիտի հանդիպի Յունաստանի արտաքին գործոց նախարար Եորկոս Կերափեթրիթիսի հետ։ Նախքան հանդիպումը Ֆիտան հարցազրոյց տուած է յունական «Ta Nea» թերթին։ Ֆիտան մատնանշած է, որ շուրջ 2 տարի է, որ թուրք-յունական յարաբերութիւններուն մէջ դրական շարժ կայ։ Երկու երկիրները կը զարգացնեն առեւտրային յարաբերութիւնները։

«Մենք աւելի կ՚ամրապնդենք մեր ժողովուրդներու միջեւ գոյութիւն ունեցող բարեկամութիւնը։ Մեր նպատակն է ձեւաւորել այս աշխարհագրութեան ապագան, որ մենք կը բաժնեկցինք՝ փոխադարձ բարի կամքի վրայ հիմնուած ընդհանուր տեսլականով»,-յայտնած է Ֆիտանը։

Ընդգծելով, որ երկկողմ յարաբերութիւններուն մէջ լաւատես ըլլալու բազմաթիւ պատճառներ կան, Ֆիտանը նշած է, որ ինքը այլ ճանապարհ չի տեսներ, քան երկխօսութիւնն ու համագործակցութիւնը՝ յանուն ապագայ սերունդներու ու անվտանգութեան ու բարգաւաճման։

«Եթէ բովանդակալից երկխօսութեան միջոցաւ չկարողանանք հասնիլ համապարփակ լուծումներու, ապա ամբողջական մօտեցմամբ կ՚երթանք դէպի միջազգային իրաւասութիւն։ Բայց որպէսզի այդ տեղի ունենայ, անհրաժեշտ է վերացնել վերապահումներն ու խոչընդոտները եւ առաջին հերթին ձերբազատուիլ մոլորութիւններէն»,- յայտնած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը։

Ֆիտան նաեւ աւելցուցած է, որ ատոր իրականացման համար անհրաժեշտ է վերացնել վերապահումներն ու խոչընդոտները եւ առաջին հերթին ձերբազատուիլ մոլորութիւններէն։

Անոր խօսքով՝ ինքնիշխան իրաւահաւասարութիւնը, փոխադարձ յարգանքը եւ կառուցողական երկխօսութիւնը շատ կարեւոր են Թուրքիոյ համար, ինչպէս իւրաքանչիւր երկրի համար, եւ պնդած, թէ միջերկրածովեան աշխարհագրութիւնը եղած է այն տարածաշրջանը, որ ականատես եղած է պատմութեան ընթացքին ամենաշատ մարդկային փոխգործակցութեան։