image

Նիւ Եորքի մէջ. Ներկայացուած է Տ.  Ներսէս Ա. Քհն. Մանուկեանի երկլեզու հատորը

Նիւ Եորքի մէջ. Ներկայացուած է Տ.  Ներսէս Ա. Քհն. Մանուկեանի երկլեզու հատորը

Օրերս, Փենսիլվէնիայի շէջ, Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցին կազմակերպած էր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ պատուակալ հովիւ՝ Արժպ. Տ. Ներսէս Ա. Քհն. Մանուկեանի «Հայ Եկեղեցւոյ որոշ խորհուրդներու եւ հինգ տաղաւար տօներու աւանդութիւններ» երկլեզու հատորին ներկայացումը, նախագահութեամբ՝ Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեանի։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «hairenikweekly»-էն, որ մասնաւորապէս գրած է՝

Կիրակի, Հոկտեմբեր 27-ին, յաւարտ Ս. Պատարագի, Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցին կազմակերպած էր Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ (Ֆիլատելֆիա, Փենսիլվէնիա) պատուակալ հովիւ՝ Արժպ. Տ. Ներսէս Ա. Քհն. Մանուկեանի «Հայ Եկեղեցւոյ որոշ խորհուրդներու եւ հինգ տաղաւար տօներու աւանդութիւններ» երկլեզու հատորին ներկայացումը, նախագահութեամբ՝ Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեանի։

Հոգաբարձութեան փոխ-ատենապետ՝ Բարշ. Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեան, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ հրաւիրեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Մեսրոպ Քհն. Լագիսեանը, որ ներկայացնէ հեղինակն ու անոր գործը։ Ան գնահատեց Տէր Ներսէսի նուիրումով, յայտնելով, թէ «գիրքն ու գրիչը, գրութիւնն ու գրականութիւնը, դասախօսութիւնը եւ ուսուցումը մնայուն ներկայութիւն եղած են Տէր Հօր հովուական ծառայութեան մէջ, աւելի խորութիւն եւ արժէք բերելով անոր կեանքի գործին»։

Հեղինակը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Տ. Մեսրոպ Լագիսեանին եւ Մայր Եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան այս ձեռնարկի կազմակերպութեան համար եւ սիրով յիշեց Դպրեվանքի իր ուսուցիչները, վեր հանելով անոնց դերը իր մտաւորական ու հոգեւոր կազմաւորման մէջ։ Ան նշեց, թէ անոնց հաւատքն ու տեսլականը ներշնչեցին սերունդներ դասարաններէն անդին։

Երգչուհի Յասմիկ Մէյխանէճեան ապրումով մեկնաբանեց Սրբոց Թարգմանչաց նուիրուած «Որք զարդարեցին» շարականը։ Փակման իր խօսքին մէջ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց Արժպ. Տ. Ներսէս Ա. Քհն. Մանուկեանը եւ յայտնեց, թէ գիրքը եզակի տեղ ունի հովուական ծառայութեան գրականութեան մէջ։