image

Ատրպէյճանի հետ Սահմանադրութեան փոփոխութեան մասին չենք  խօսիր. Վ. Կոստանեան 

Ատրպէյճանի հետ Սահմանադրութեան փոփոխութեան մասին չենք  խօսիր. Վ. Կոստանեան 

Հայաստանի Սահմանադրութեան հարցը չի հանդիսանար խաղաղութեան պայմանագրի մաս: Այս մասին, նոյեմբերի 7-ին, կառավարութեան նիստէն ետք լրագրողներու հետ զրոյցին ըսած է ՀՀ Արտաքին գործոց փոխնախարար Վահան Կոստանեանը:

«ՀՀ-ն Ադրբեջանի հետ չի խօսում Սահմանադրութեան փոփոխութեան մասին, ապառազմականացման վերաբերեալ քննարկում եւս չկայ: Հայաստանի կողմից հնչել է մի քանի առաջարկ՝ վստահութեան ամրապնդման մեխանիզմների վերաբերեալ, այդ թւում փոխադաձ վերահսկողութեան»,-ըսած է ան:

Անդրադառնալով Ատրպէյճանի հետ բանակցութիւններու ձեւաչափին`արտաքին գործոց փոխնախարարը նշած է՝ երկու երկիրներու միջեւ բանակցութիւններն ուղիղ կ՚ընթանան։

«Բայց կան Հարաւային Կովկասում կայունութեամբ եւ խաղաղութեամբ իրապէս հետաքրքրուած գործընկերներ, որոնք փորձում են դրականօրէն աջակցել այս օրակարգին»,- նշած է Կոստանեանը։

Արտաքին գործոց փոխնախարարը նաեւ նշած է՝ տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման հարցը թէպէտ որպէս կէտ չկայ խաղաղութեան համաձայնագրի նախագիծին մէջ, բայց թեմայի շուրջ քննարկումները կը շարունակուին։

Ան յիշեցուցած է, որ երկու երկիրներու փոխվարչապետները սահմանազատման յանձնաժողովներու հանդիպման աւարտէն ետք նաեւ քննարկած են այս հարցը: