image

ՆԱԹՕ-ն մտահոգ է Ռուսիա, Չինաստան, Իրան եւ Հիւսիսային Քորէա համագործակցութեամբ

ՆԱԹՕ-ն մտահոգ է Ռուսիա, Չինաստան, Իրան եւ Հիւսիսային Քորէա համագործակցութեամբ

Արեւմուտքի համար սպառնալիք է Ռուսիոյ, Չինաստանի, Հիւսիսային Քորէայի եւ Իրանի միջեւ փոխգործակցութեան ամրապնդումը, ըսած է ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Մարք Ռիւթէն:

«Ռուսիան Հիւսիսային Քորէային կը տրամադրէ նորագոյն արհեստագիտութիւններ, որու համար կը ստանայ Հիւսիսային Քորէայի աջակցութիւնն Ուքրանիոյ դէմ պատերազմին: Եւ այդ սպառնալիք է ոչ միայն ՆԱԹՕ-ի եւրոպական հատուածի, այլեւ Միացեալ Նահանգներու համար: Ուստի, մենք պէտք է ՆԱԹՕ-ի շրջածիրէն ներս աւելի սերտ համագործակցինք», -ըսած է ընդհանուր քարտուղարը:

Ռիւթէի խօսքով՝ ինքը կը պատրաստուի այս հարցը քննարկելու Թրամփի հետ՝ հասկնալու, թէ ինչպէս հնարաւոր է հաւաքական ջանքերով դիմագրաւել այս սպառնալիքներուն։