image

Սահմանապահ ծառայութիւնը բնական հունով կը կատարուի

Սահմանապահ ծառայութիւնը  բնական հունով  կը կատարուի

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այցելած է Երեւանի «Զուարթնոց» միջազգային օդակայան եւ ծանօթացած այստեղ Սահմանապահ ծառայութեան կողմէ իրականացուող գործունէութեան: Այս մասին յայտնած են Կառավարութենէն:

Վարչապետին ուղեկցած են ՀՀ Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Արմէն Աբազեան եւ ԱԱԾ (ազգային անվտանգութեան ծառայութեան) Սահմանապահ զօրքերու հրամանատար Էտկար Յունանեան: Շրջայցին ներկայ եղած են նաեւ «Զուարթնոց» միջազգային օդակայանի ղեկավարները:   

Վարչապետը եղած է մեկնումի եւ ժամանումի սրահները, ուր սահմանապահ զօրքերու ծառայողները կ'իրականացնեն իրենց գործառոյթները: Պատասխանատուները զեկուցած են, որ սահմանապահ ծառայութիւնը կ'իրականացուի առանց խնդիրներու եւ լուրջ միջադէպերու: 

Վարչապետը մաղթած է սահմանապահ ծառայողներուն յաջողութիւն գործունէութեան մէջ եւ անվտանգ ծառայութիւն: