image

Երեւանի մէջ. Փաստաբան Ռոման Երիցեանի ծեծի հարցով քննութիւն պիտի կատարուի

Երեւանի մէջ. Փաստաբան Ռոման Երիցեանի ծեծի հարցով քննութիւն պիտի կատարուի

Պարեկներու (ոստիկանական պահակախումբ) կողմէ արցախցի փաստաբան Ռոման Երիցեանի եղբօր՝ Արման Երիցեանի ծեծի ենթարկուելուն հարցով պաշտօնական քննութիւն պահանջուած է։ Այս մասին Tert.am-ին յայտնած են Ներքին գործոց նախարարութենէն։

Յիշեցնենք, որ երէկ Ռոման Երիցեանը յայտնած էր, որ մօտ 10 պարեկներ դաժանաբար ծեծի  ենթարկած էին իր եղբօր, ինքնաշարժը արգիլուած վայր մը շարած ըլլալուն համար, վիրաւորուած  ու տեղափոխած զինք ոստիկանատուն։