image

Լիմասոլի մէջ. Հոգեւոր Հովիւ Հայր Սուրբին նախաձեռնութեամբ Սուրբ Գրային սերտողութիւն

 Լիմասոլի մէջ. Հոգեւոր Հովիւ Հայր Սուրբին նախաձեռնութեամբ Սուրբ Գրային սերտողութիւն

Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ  Կիպրոսի Հայոց Թեմի  Լիմասոլ եւ Պաֆոս քաղաքներու  հոգեւոր հովիւ Գերպ. Տ. Յովհաննէս Ծ.Վրդ. Սաղտըճեան, որ վերջերս ժամանած էր Կիպրոս եւ ստանձնած իր նոր պարտականութիւնը լծուած է հովուական աշխատանքի։

 Օրերս Հայր Սուրբի նախաձեռնութեամբ ընթացք առած է Սուրբ Գիրքի սերտողութիւն։ 

 Նշենք նաեւ, որ Հայր Սուրբը նախքան այս աշխատանքներուն նախաձեռնելը ունեցած էր բաւականին աշխոյժ շաբաթ մը այցելելով Լիմասոլի պատկան մարմիններուն ու նաեւ ծանօթանալով քաղաքի քոյր եկեղեցիներու պատասխանատու հայրերուն։

Բարի եւ արդիւնաւէտ առաքելութիւն կը մաղթենք սիրելի Հայր Սուրբին, ստորեւ ներկայացնելով Լիմասոլի Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ դիմատետրեան էջին հակիրճ գրառումը։

 

Ինչպէս նախօրօք յայտարարուած էր,  Կիրակի 03-11-2024-ի առաւօտեան ժամը 10։00-ին, տեղի ունեցաւ ժամերգութիւն եւ Ս․Գիրքի Սերտողութիւն։

Հոգեւոր Հովիւ Հոգեշ․ Տ․ Յովհաննէս Ծ. Վրդ. Սաղտճեան ժամերգութիւնէն ետք, հաւատացեալներուն փոխանցեց օրուայ խորհուրդը ունենալով Յիսուսի խօսքը որ կ՚ըսէ «Ոտգի ելի՛ր, ա՛ռ մահիճդ ու տունդ գնա՛յ»։ 

Հաւատացեալներ մեծ հետաքրքրութեամբ լսելէ ետք Հայր Սուրբին խօսքերը, անցան եկեղեցւոյ Սրահը եւ ընկերային մթնոլորտի մը մէջ իրար հետ զրուցելով, վայլեցին Լիմասոի Ս․ Գէորգ Հոգաբարձութեան հիւրասիրութիւնը ու մօտէն ծանօթացան նորանշանակ Հոգեւոր Հովիւը։ 

Նպատակայարմար կը գտնէք նշել, թէ մինչ ծնողներ կը գտնուէին Սրահէն ներս, կրտսերներ կը խաղային եկեղեցւոյ շրջափակը։ Հաւատացեալներ մեծ ուրախութեամբ մեկնեցան եկեղեցւոյ տարածքէն։