image

Անդրանիկ Թեւանեանը ձերբակալուած

Անդրանիկ Թեւանեանը ձերբակալուած

«Մայր Հայաստան» կուսակցութեան նախագահ, առաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան պատգամաւորի թեկնածու Անդրանիկ Թեւանեանը ձերբակալուած է։

Թեւանեանի խափանման միջոցը որոշելու հարցը պիտի քննարկուի մայիս 23-ին, ժամը 12։00-ին, Աւան եւ Նոր Նորք վարչական շրջաններու ընդհանուր իրաւասութեան դատարաններու մէջ։

Քննչական կոմիտէն մայիս 21-ին յայտնած էր, որ Անդրանիկ Թեւանեանի կողմէ պետական դաւաճանութիւն լրտեսութիւն կատարելու դէպքի առթիւ նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ։