«Էմնըսթի Ինթըրնեշընըլ» (Amnesty International) հեղինակաւոր իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը կոչ ուղղած է Ատրպէյճանին՝ ՔՈՓ 29էն ետք ձերբակալուած լրագրողները ազատ արձակելու եւ այդ կոչին միանալ փափաքողներուն առաջարկած է նամակ ուղարկել Ատրպէյճանի նախագահին:
6 դեկտեմբեր 2024-ին Պաքուի մէջ տեղի ունեցած ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան ՔՈՓ29 համաժողովէն ետք Ատրպէյճանի իշխանութիւնները ձերբակալած են եօթը լրագրողներ եւ լրատուամիջոցներու աշխատակիցներ` «մաքսանենգութեան» կեղծ մեղադրանքներով, որոնցմով անոնց կը սպառնայ 5-8 տարուան բանտարկութիւն:
«Էմնըսթի Ինթըրնեշընըլ»ը դիտել տուած է, որ անոնց կամայական բանտարկութիւնը ու հետապնդումը հաշուեյարդար է անոնց լրագրողական գործունէութեան եւ մաս կը կազմէ քննադատութիւնը լռեցնելու համար կառավարութեան կողմէ գործադրուած ճնշումներուն, որոնց ահագնացած են շուրջ մէկ տարի առաջ։