Վրաստանը Ատրպէյճանին եւ Հայաստանին եռակողմ համագործակցութիւն կ՚առաջարկէ տարբեր ոլորտներու մէջ։ Պաքուի մէջ տնտեսական համագործակցութեան վրաց-ատրպէյճանական միջկառավարական յանձնաժողովի նիստին այդ մասին յայտարարած է Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Քոպախիձէն։
«Մենք անկեղծօրէն շահագրգռուած ենք, որ յստակ գործնական քայլեր ձեռնարկուին, որ կը նպաստէ տարածաշրջանային համագործակցութեան»,- Քոպախիձէի խօսքերը մէջբերած է Վրաստանի կառավարութեան մամուլի ծառայութիւնը։
Երէկ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարար Մաքա Պոչորիշվիլին ըսած էր, որ անհրաժեշտութեան պարագային Վրաստանը գործի կը դնէ իր ամբողջ ներուժը, որ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութիւն հաստատուի։