Միացեալ Նահանգները յայտարարած է Ուքրանիոյ 250 միլիոն տոլարի լրացուցիչ ռազմական օգնութեան նոր փաթեթի մասին, որ կը ներառէ զինամթերք, սարքաւորումներ եւ պահեստամասեր, ինչպէս նաեւ անձնակազմի վերապատրաստում։
«Այսօր մենք կը յայտարարենք ռազմական օգնութեան յաջորդ փաթեթի մասին, որ կ'օգնէ Ուքրանիոյ պաշտպանել իր տարածքը եւ ժողովուրդը: Այս փաթեթը կը պարունակէ կարեւոր հնարաւորութիւններ, որոնք կ'օգնեն Ուքրանիոյ մարտի դաշտին մէջ», -ըսուած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հրապարակուած յայտարարութեան մէջ: