image

ԱՄՆ ողջունած է Փաշինեան-Ալիեւ կայանալիք հանդիպումը

ԱՄՆ ողջունած է Փաշինեան-Ալիեւ  կայանալիք հանդիպումը

ԱՄՆ կ'ողջունէ Ապրիլ 6-ին Պրիւքսէլի մէջ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ նախատեսուած հանդիպումը, այս մասին կ'ըսուի ԵԱՀԿ-ի մէջ ԱՄՆ առաքելութեան թուիթըրեան էջով զետեղուած գրառման մէջ:

«Մենք կ'ողջունենք յայտարարութիւնը, որ Ապրիլ 6-ին Պրիւքսէլի մէջ տեղի պիտի ունենան վարչապետ Փաշինեանի եւ նախագահ Ալիեւի միջեւ բանակցութիւնները: Կոչ կ'ընենք աւելի մեծ ուշադրութիւն դարձնելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական իրավիճակին եւ կը վերահաստատենք աջակցութիւնը բոլոր առկայ խնդիրներու դիւանագիտական լուծման», նշուած է գրառման մէջ: