image
Հրատապ լուրեր:

Ռուսիան զօրացուցած է «գաղտնի ջանքերը»՝ տապալելnւ յաջորդ ամիս կայանալիք ընտրութիւններուն Հայաստանի առաջնորդի վերընտրուելու փորձերը. Reuters

Ռուսիան զօրացուցած է «գաղտնի ջանքերը»՝ տապալելnւ յաջորդ ամիս կայանալիք ընտրութիւններուն Հայաստանի առաջնորդի վերընտրուելու փորձերը. Reuters

Ռուսիան զօրացուցած է գաղտնի ջանքերը՝ յաջորդ ամիս կայանալիք ընտրութիւններուն Հայաստանի ղեկավարին վերընտրուելու փորձերը տապալելու նպատակով, մտավախութիւն ունենալով, որ անոր յաղթանակը կրնայ վերջնականապէս ամրագրել նախկին խորհրդային հանրապետութեան վերակողմնորոշումը դէպի Արեւմուտք։ Այս մասին կը հաղորդէ Reuters-ը՝ յղում կատարելով արեւմտեան հետախուզական եւ կառավարական պաշտօնեաներու։

Երեք միլիոն բնակչութիւն ունեցող եւ դէպի ծով ելք չունեցող երկիր ըլլալով՝ Հայաստանը պաղ պատերազմէն ի վեր հիմնական մնացած է Մոսկուայի ուղեծիրին մէջ եւ կը հիւրընկալէ ռուսական զօրքեր։ Սակայն վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ հարցախոյզերու արդիւնքներով առաջատար դիրքի վրայ է, մերձեցած է Եւրոպայի եւ ՆԱԹՕ-ի հետ՝ հանդէս գալով որպէս ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի դաշնակից, որ աջակցութիւն յայտնած է Փաշինեանի վերընտրուելու յայտին։

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին չէ թաքցուցած իր դժգոհութիւնը Փաշինեանի քաղաքական շրջադարձէն։ Վերջին օրերուն Մոսկուան նախազգուշացուցած է, որ Հայաստանը կրնայ զրկուիլ աժան բնական կազի մատակարարումներէն, եւ սահմանափակած է հայկական արտադրանքներու՝ ներառեալ միրգերու, բանջարեղէնի, ծաղիկներու եւ քոնեաքի ներմուծումը։

 

«Այն, ինչ Փաշինեան կը փորձէ ընել, սպառնալիք է Ռուսիոյ համար»,– ըսած է «Քարնեկի Եւրոպա» կեդրոնի աւագ գիտաշխատող Թոմաս տը Վաալը։ Ըստ անոր՝ բազմազանեցում կը նշանակէ, որ «Ռուսիան կը կորսնցնէ այն փաստացի մենաշնորհը, զոր ունեցած է Հայաստանի մէջ»։

Արեւմտեան երեք պաշտօնեաներու համաձայն՝ Մոսկուայի նախընտրելի թեկնածուն միլիառատէր Սամուէլ Կարապետեանն է, որ դատավարութեան մէջ կը գտնուի՝ իշխանութիւնը տապալելու կոչեր հնչեցնելու մեղադրանքով։ Ազգութեամբ հայ, բայց Ռուսիա բնակող Կարապետեան կը հերքէ մեղադրանքները։ Անոր փաստաբան Ռոպերթ Ամսթերտամ Reuters-ին յայտնած է, որ իր պաշտպանեալը տեղեակ չէ ռուսական որեւէ աջակցութեան մասին։

Հոկտեմբերին Քրեմլինը հիմնած է նոր ստորաբաժանում մը, որ յայտնի է «Ռազմավարական համագործակցութեան եւ գործընկերութեան վարչութիւն» անունով, եւ որ, ըստ աղբիւրներէն չորսին, կը համակարգէ Հայաստանի մէջ ազդեցութեան գործողութիւնները։ Աղբիւրները, ինչպէս նաեւ այս յօդուածին միւս տեղեկատուները, խօսած են անանուն մնալու պայմանով։ Ռուս պաշտօնեաները վերջին ամիսներուն քննարկած են Ռուսիա բնակող հայերը Հայաստան ուղարկելու հարցը՝ Փաշինեանի ընդդիմադիրներուն օգտին քուէարկելու համար, յայտնած են հինգ աղբիւրներ։

Հայերը մեծ սփիւռք ունին ամբողջ աշխարհին մէջ, ներառեալ Ռուսիա, ուր բնակողներու թիւը, ըստ որոշ գնահատականներու, կ՚անցնի 2 միլիոնը։ Հայերուն արտօնուած չէ արտասահմանէն մասնակցիլ ընտրութիւններուն։ Ռուսական իշխանութիւնները հաշուարկած են մօտ 50 միլիոն տոլարի ծախս՝ 100 հազար ընտրող տեղափոխելու համար, յայտնած են երեք աղբիւրներ։ Այդ պաշտօնեաները աւելցուցած են, որ մայիսի կէսերուն Քրեմլինն արդէն չափաքանակներ սահմանած է, թէ իւրաքանչիւր տարածաշրջան քանի հայ պէտք է ուղարկէ, եւ պահանջած է վարչական պատասխանատուներէն զեկուցել նախապատրաստական աշխատանքներու ընթացքին մասին։

Reuters-ը չէ յաջողած պարզել, թէ արդեօք նման ծրագիր արդէ՞ն ընթացքի մէջ է, թէ՞ այդ բաւարար պիտի ըլլայ առաջատար թեկնածուներու միջեւ գոյութիւն ունեցող տարածութիւնը կրճատելու համար։ Այս ամսուան սկիզբը կատարուած հարցախոյզը ցոյց տուած է, որ Փաշինեանի «Քաղաքացիական պայմանագիր» կուսակցութիւնը պիտի գրաւէ առաջին տեղը՝ հաւաքելով ձայներու շուրջ 30 առ հարիւրը։ Բազմաթիւ թեկնածուներով ընտրապայքարին մէջ հարցախոյզերը Կարապետեանի «Ուժեղ Հայաստան» կուսակցութեան յատկացուցած են մօտ 6 առ հարիւր՝ ձգելով անոնց հեռաւոր երկրորդ հորիզոնականի վրայ։