image

Պիշքեքի մէջ կայացած է Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպում 

Պիշքեքի մէջ կայացած է Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպում 

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 2026 թուականի օգոստոս 31-ին Պիշքեքի մէջ՝ Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) գագաթնաժողովի ծիրէն ներս, հանդիպած է Ատրպէյճանի Հանրապետութեան նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։

Ղեկավարները ընդգծած են 2025 թուականի օգոստոս 8-ին Ուաշինկթընի մէջ կայացած խաղաղութեան գագաթնաժողովին, ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի վկայութեամբ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ ստորագրուած համատեղ յայտարարութեան, ինչպէս նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան միջեւ խաղաղութեան եւ միջպետական յարաբերութիւններու հաստատման մասին համաձայնագրի նախաստորագրման պատմական նշանակութիւնը։

Ատրպէյճանական նաւթամթերքի արտահանումը Հայաստան, հացահատիկի եւ երրորդ երկիրներէ ծագող այլ ապրանքներու՝ Ատրպէյճանի տարածքով Հայաստան տարանցումը, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրական յարաբերութիւններու հաստատումը ընդգծուած են իբրեւ խաղաղութեան ամրապնդման կարեւոր գործնական դրսեւորումներ։ Ղեկավարները նաեւ ողջունած են գործարար համայնքներու միջեւ շփումները եւ մտքեր փոխանակած են փոխշահաւէտ տնտեսական, առեւտրական եւ ուժանիւթային համագործակցութեան հետագայ ընդլայնման հնարաւորութիւններուն շուրջ։

Կողմերը նշած են Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պետական սահմանին սահմանազատման հարցերով համապատասխան պետական յանձնաժողովներու կարեւոր դերը եւ ընդգծած են անոնց աշխատանքը շարունակելու կարեւորութիւնը՝ երկու երկիրներուն միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններուն համաձայն։

Ղեկավարները քննարկած են Ուաշինկթընի խաղաղութեան գագաթնաժողովի կարեւոր արդիւնքներէն մէկուն՝ «Թրամփի ուղին՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» (TRIPP) իրականացման առնչութեամբ հետագայ գործնական քայլերը եւ ընդգծած են TRIPP-ի շրջագիծէն ներս կապակցուածութեան նախագիծերու կարեւորութիւնը։

Ղեկավարները դրական գնահատած են վստահութեան ամրապնդման ուղղուած՝ խորհրդարանականներու եւ քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ շփումները՝ նշելով անոնց կարեւորութիւնը փոխադարձ վստահութեան ամրապնդման եւ խաղաղութեան աւելի լայն օրակարգի աջակցութեան գործին մէջ։

 

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ նախագահ Իլհամ Ալիեւ համաձայնած են երկկողմ անմիջական շփումներու միջոցով շարունակել քայլերը՝ ուղղուած տեւական խաղաղութեան ամրապնդման, միջպետական յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ կապակցուածութեան ամրապնդման։