image

Թրամփ պիտի մասնակցի յունիսին Ֆրանսայի մէջ կայանալիք G7-ի հանդիպման

Թրամփ պիտի մասնակցի յունիսին Ֆրանսայի մէջ կայանալիք G7-ի հանդիպման

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ պիտի մասնակցի Յունիսին Ֆրանսայի մէջ կայանալիք «Մեծ եօթնեակ»-ի (G7) հանդիպման՝ քննարկելու արհեստական բանականութեան, առեւտուրի եւ յանցաւորութեան դէմ պայքարին առնչուող հարցեր։ Այս մասին կը տեղեկացնէ Axios-ը՝ յղում կատարելով Սպիտակ տան ներկայացուցիչին։

Հարթակի զրուցակիցին համաձայն, հանդիպումը պիտի չյանգեցնէ որեւէ իրական համաձայնագիրի ստորագրման, այլ պիտի օգտագործուի փոխհամաձայնութեան ձեռքբերման նպատակով։

Աղբիւրը յայտնած է, որ Թրամփ առաջին հերթին կ՚ուզէ խօսիլ գործարարութեան մասին։ Մասնաւորաբար, ան մտադիր է քննարկել Միացեալ Նահանգներու մէջ մշակուած արհեստական բանականութեան միջոցներու ներդրման աջակցութիւնը, օգտակար հանածոներու մատակարարման կարեւորագոյն շղթաներուն վրայ Չինաստանի ազդեցութեան նուազեցման շուրջ համաձայնութիւնը, թմրանիւթերու մաքսանենգութեան եւ ապօրինի գաղթի դէմ պայքարը, ինչպէս նաեւ ամերիկեան արտածման խթանումը։

Հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Յունիս 15-էն 17-ը, Ֆրանսայի հարաւ-արեւելքը գտնուող Էվիան-լը-Պէն քաղաքին մէջ։