image

ԱՄՆ Պատուիրակութիւնը այցը Եւրոպացի Դիտորներուն

ԱՄՆ Պատուիրակութիւնը  այցը Եւրոպացի Դիտորներուն

ԱՄՆ ծերակուտական Կերի Փիթըրսի (դեմոկրատ, Միչիկըն նահանգ) գլխաւորած քոնկրեսական պատուիրակութիւնը այցելած է Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան կեդրոնակայան։ X-ի իր էջին այս մասին յայտնած է ՀՀ-ի մէջ ԵՄ դիտորդական առաքելութեան մամուլի ծառայութիւնը:

«Մենք կը ձգտինք թուլացնել լարուածութիւնը սահմանամերձ շրջաններուն մէջ», -ըսած է Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան ղեկավար Մարքուս Ռիթըրը ԵՄ դիտորդական առաքելութեան կեդրոնակայանին մէջ տեղի ունեցած ճեպազրոյցի ժամանակ, որուն ներկայ եղած է նաեւ ՀՀ-ի մէջ ԱՄՆ դեսպան Քրիսթինա Քուինը։

Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութիւնը նշած է, որ ուրախ է ընդունելու ԱՄՆ պատուիրակութիւնը Հայաստան այցի ընթացքին: