Ռուս-ուքրանական կարգաւորման բանակցութիւններուն մէջ Քիեւի պատուիրակութեան ղեկավար, Ազգային անվտանգութեան եւ պաշտպանութեան խորհուրդի քարտուղար Ռուսթեմ Ումերովը յայտնած է, որ Մայամիի մէջ հանդիպած է ամերիկացի եւ եւրոպացի գործընկերներու հետ։
«Համաձայնութեան եկած ենք հետագայ քայլերու եւ համատեղ աշխատանքները շարունակելու վերաբերեալ»,- մանրամասնած է պաշտօնեան։
Աւելի վաղ արեւմտեան լրատուամիջոցները, վկայակոչելով Սպիտակ տան աղբիւրները, տեղեկացուցած էին, որ ամերիկեան կողմէ Մայամիի մէջ բանակցութիւններուն մասնակցեր են Սթիւ Ուիթքոֆը եւ Ճարետ Քուշները, եւրոպական կողմը ներկայացուցած են Մեծ Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ ազգային անվտանգութեան խորհրդականները։
Աւելի ուշ Ռուսիոյ նախագահի ներկայացուցիչ Քիրիլ Տմիթրիեւը յայտնած է, որ ինքը եւս պիտի մեկնի Մայամի: