image
Հրատապ լուրեր:

ԱՄՆ պատիժներ սահմանած է Ռուսիոյ աջակցող հայկական ընկերութեանց դէմ

ԱՄՆ պատիժներ սահմանած է Ռուսիոյ աջակցող հայկական ընկերութեանց դէմ

ԱՄՆ-ի ելեւմուտքի նախարարութեան արտասահմանեան հաշիւներու վերահսկման գրասենեակը (OFAC) պատժամիջոցներու ցանկին մէջ ներառած է երրորդ երկիրներու երկու կազմակերպութիւններ՝ «Ռատիոաւթոմաթիկա» ելեկտրոնային բաղադրիչներու յենակէտի ռուսական մատակարարին աջակցելուն համար. Sinno Electronics Co., Limited (Sinno)-ը՝ « Ռատիոաւթոմաթիկա»-ի մատակարար Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութենէն, եւ Taco LLC-ն՝ մատակարար Հայաստանէն։

Այս մասին ըսուած է ԱՄՆ-ի ելեւմուտքի նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։

«Sinno-ն, իմանալով դէպի Ռուսիա արտածման սահմանափակումներու մասին, մշտական յարաբերութիւններ պահպանած է «Ռատիոաւթոմաթիկա»-ի հետ՝ մինչեւ Ռուսիոյ ներխուժումը Ուքրանիա եւ անկէ յետոյ: Յունիսին, Sinno ընկերութիւնը ներառուած է առեւտրային կազմակերպութիւններու ցուցակին մէջ՝ ռուսական ռազմական եւ/կամ պաշտպանական-արդիւնաբերական յենակէտին աջակցութիւն ցուցաբերելու եւ Ռուսիոյ Ուքրանիա հետագայ ներխուժումէն յետոյ ապրանքներու մատակարարման պայմանագրեր կնքելու համար: «Ռատիոաւթոմաթիկա»-ն Taco-ին կը վճարէ բաղադրիչներ ներմուծելու եւ Հայաստանի մէջ գնումներու գործընթացը կազմակերպելու համար: Աւելին, ե՛ւ Sinno-ն, ե՛ւ Taco-ն փոխգործակցած են իրարու հետ՝ «Ռատիոաւթոմաթիկա»-ի հետ իրենց աշխատանքի ծիրէն ներս»,- ըսուած է ԱՄՆ-ի ելեւմուտքի նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։