image

ԱՄՆ պաշտպանութեան նախարարը յանկարծակի այցով մեկնած է Իրաք

ԱՄՆ պաշտպանութեան նախարարը  յանկարծակի  այցով մեկնած է Իրաք

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լլոյտ Օսթին իր մերձարեւելեան շրջագայութեան ծիրին մէջ այսօր՝ 7 մարտին չյայտարարուած այցով Իրաք մեկնած է։

«Պաղտատ ժամանած եմ ։ Այստեղ եմ` հաստատելու համար ԱՄՆ–ի եւ Իրաքի միջեւ ռազմավարական գործընկերութիւնը, երբ մենք կը շարժինք դէպի աւելի ապահով, կայուն եւ ինքնիշխան Իրաք», – թուիթըրով գրած է Օսթին։

Օսթինի իրաքեան այցի մասին Փենթակոն պաշտօնապէս չէր յայտնած։ 

ԱՄՆ պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարը կը շրջագայի Մերձաւոր Արեւելքի երկիրներով. երկուշաբթի՝ 6 մարտին, ան Յորդանան էր, կը նախատեսէ այցելել նաեւ Եգիպտոս եւ Իսրայէլ։

Shafaq News տեղեկատւական կայքը, յղում ընելով Իրաքի կառավարական կառույցներուն, գրած է, որ Պաղտատի մէջ Օսթինի եւ Իրաքի վարչապետ Մուհամմէտ Ալ Սուտանիի միջեւ բանակցութիւններ նախատեսուած են, որոնցմէ յետոյ ան մտադիր է այցելելու քրտական ինքնավարութեան մայրաքաղաք` Իրպիլ քաղաք, ուր պիտի հանդիպի Իրաքեան Քիւրտիստանի ղեկավարութեան հետ։