image
Հրատապ լուրեր:

ԱՄՆ նախագահի թեկնածուն Փութինին «գործարք» առաջարկած է

ԱՄՆ նախագահի թեկնածուն Փութինին «գործարք» առաջարկած է

Միացեալ Նահանգներու նախագահի թեկնածու Վիվեք Ռամասվամին խոստացած է ընտրութիւններուն յաղթելու պարագային Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին առաջարկել գործարք, ըստ որու՝ Ուաշինկթընը կը հրաժարի Ուքրանիան ՆԱԹՕ-ի կազմին մէջ ընդունելէ՝ Մոսկուայի եւ Փեքինի միջեւ դաշինքը խզելու դիմաց։

«Ես անոր (Փութինին) կ՚առաջարկէի գործարք. ան պէտք է դուրս գայ Սի Ծինփինի հետ ռազմական դաշինքէն, իսկ մենք (ԱՄՆ) մեր հերթին հաստատ պարտաւորութիւն կը ստանձնենք, որ ՆԱԹՕ-ն չընդունիր Ուքրանիան»,ըսած է ան աւստրալական Sky News-ի հաղորդավար Փիրս Մորկանին տուած հարցազրոյցին։

Ռամասվամին աւելցուցած է, որ եթէ Մոսկուան ընդունի այս առաջարկը, ապա Ուաշինկթընը «կը սառեցնէ ներկայիս սահմանազատման գիծերը»՝ ենթադրելով Ռուսիոյ համար գրաւեալ տարածքներու ճանաչում՝ այդ հիմնաւորելով անով, որ տարածքները բնակեցուած են ռուսալեզու բնակչութեամբ։