Միացեալ Նահանգները Օմանի մէջ գաղտնի բանակցութիւններ վարած է Իրանի հետ, յայտնած են աղբիւրները Financial Times-ին։
Թեմաները եղած են Եմէնի հուսի ապստամբներու կողմէ Կարմիր ծովուն մէջ շարունակուող յարձակումները, ինչպէս նաեւ Իրանի միջուկային ծրագիրը:
Բանակցութիւնները կայացած են յունուարին եւ առաջինը եղած են վերջին տասը ամսուան ընթացքին։ Բանակցութիւններուն Միացեալ Նահանգներէն մասնակցած էին Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի հարցերով Միացեալ Նահանգներու Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի համակարգող Պրեթ Մաքկուրքը եւ Իրանի հարցերով Միացեալ Նահանգներու յատուկ ներկայացուցիչի պաշտօնակատար Ապրամ Փէյլին, իսկ Իրանը ներկայացուցած էր արտաքին գործոց փոխնախարար Ալի Պաղերի Քանին:
Պատուիրակութիւններու անդամները շփուած են ոչ թէ անմիջականօրէն, այլ միջնորդներու՝ Օմանի ներկայացուցիչներու միջոցով։ Ուաշինկթընը փորձած է համոզել Թեհրանը ճնշում գործադրելու Եմէնի հուսիներու վրայ։ Միացեալ Նահանգները նաեւ իր մտահոգութիւնը յայտնած է Իրանի միջուկային ծրագրի վերաբերեալ։
Ըստ FT-ի, երկրորդ փուլը պէտք է կայանար փետրուարին, սակայն յետաձգուած է Կազայի հատուածին մէջ հակամարտութիւնը կարգաւորելու փորձերու լոյսին տակ։