image
Հրատապ լուրեր:

Թրամփը դէմ է հարկատուներու հաշուոյն ֆինանսաւորել Ուքրանիան. Financial Times

Թրամփը դէմ է հարկատուներու հաշուոյն ֆինանսաւորել Ուքրանիան. Financial Times

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կը շարունակէ դէմ արտայայտուիլ Միացեալ Նահանգներու հարկատուներու միջոցները Ուքրանիոյ օգնութեան համար օգտագործելուն, կը հաղորդէ Financial Times-ը։

Ռուսիան կը նկատէ, որ Ուքրանիոյ զէնքի մատակարարումը կը խոչընդոտէ հակամարտութեան կարգաւորման, ուղղակիօրէն կը ներգրաւէ ՆԱԹՕ-ի երկիրները հակամարտութեան մէջ՝ «կրակի հետ խաղալով»։

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով նշած է, որ Ուքրանիոյ համար նախատեսուած զէնք պարունակող իւրաքանչիւր բեռ Ռուսիոյ համար օրինական թիրախ պիտի ըլլայ։ Քրեմլը յայտարարած է, որ Արեւմուտքի կողմէ Ուքրանիոյ զինումը բացասական ազդեցութիւն պիտի ունենայ բանակցութիւններուն վրայ։