Լուրը՝ «Արեւելք» թարգմանաբար քաղած է թրքական «Զաման»էն
Բրիտանական Financial Times թերթը նշած է, որ Էքրեմ Իմամօղլուն, որ օրերս վերընտրուած է Իսթանպուլի քաղաքապետ, կարողութիւնն ունի սիրաշահելու ինչպէս աշխարհիկ, այնպէս ալ պահպանողական հատուածները:
Թերթի թղթակից՝ Ատամ Սամսոն գրած է. «Իմամօղլուն, որ նստած էր Թուրքիոյ հիմնադիր առաջնորդ Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի նկարի տակ, լուռ կ՚աղօթէր, միաժամանակ լսելով իրեն յաջողութիւն մաղթող կոչերն ու աղօթքները»։
Սամսոն բացատրած է, որ ներհակ պատկերը կ՚ընդգծէ Իմամօղլուի կարողութիւնը՝ համատեղելու քարիզմաթիք աքթիւիսթի եւ ամենահաւատարիմ մարդու կերպարները, եւ այդ կերպ ան կրնայ ձայներ ստանալ նաեւ Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան սահմաններէն դուրս, որ հիմնուած էր Աթաթուրքի աշխարհիկ գաղափարախօսութեան վրայ:
Financial Times-ի զեկոյցին մէջ նշուած է նաեւ, որ «Իմամօղլուն իր գրասեղանին վրայ Քուրանի օրինակ ունի»։
Սամսոն գրած է. «Անցեալ կիրակի Իմամօղլուի յաղթանակը ձեռք բերուեցաւ, թէպէտեւ նախագահ Ռ. Թայէպ Էրտողան իր իշխանութիւնը եւ իսլամամէտ կուսակցութեան հսկայական միջոցները օգտագործեց Իսթանպուլը «վերագրաւելու» համար. Եւ 52-ամեայ Իմամօղլուն, որ առաջին անգամ վերահսկողութիւն հաստատած էր Թուրքիոյ ամենամեծ քաղաքին վրայ՝ 2019 թուականին, այժմ ամրապնդեց իր դիրքերը որպէս զօրաւոր առաջնորդի ամենամեծ մրցակից եւ նախագահի հաւանական թեկնածու»:
Բրիտանական թերթին յայտնած իր գնահատականին մէջ Իմամօղլուն ըսած է. «Ես իսկապէս կ՚ուզեմ, որ Թուրքիոյ Հանրապետութիւնը դարեր շարունակ ապրի աշխարհիկ համակարգով, ժողովրդավարական համակարգով եւ այս բազմազանութեամբ: Ես աղօթեցի իմ ընտանիքիս հետ՝ այստեղ, եւ աղօթեցի իմ յաջողութեան համար»: