image

ԱՄՆ-ն դարձեալ հարուածած է հուսիները

ԱՄՆ-ն դարձեալ հարուածած է հուսիները

Միացեալ Նահանգները նոր հարուած հասցուցած է Եմէնին եւ երկու պալիսթիք հրթիռ ոչնչացուցած՝ հուսիներու վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն մէջ։ Այս մասին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու կեդրոնական հրամանատարութիւնը։

«Յունուար 24-ին, Սանայի ժամանակով մօտաւորապէս ժամը 02:30-ին, Միացեալ Նահանգներու կեդրոնական հրամանատարութիւնը հարուածած է հուսիներու երկու հականաւային հրթիռները», -ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: 

Ինչպէս նշուած է, Միացեալ Նահանգները «որոշած է, որ ատոնք անմիջական վտանգ կը ներկայացնեն առեւտրային եւ այլ նաւերու համար»։ Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ ամերիկեան ուժերը ինքնապաշտպանութեան նպատակով խոցած եւ ոչնչացուցած են հրթիռները։