Իրանական Ղեշմ կղզիին մէջ գտնուող ջուրի աղազերծման գործարանի վրայ ԱՄՆ-ի յարձակման հետեւանքով 30 գիւղի մէջ խմելու ջուրի խնդիր առաջացած է:
Այս մասին X-ի իր էջին գրած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարը նշուած գործողութիւնը գնահատած է որպէս «մահացու հետեւանքներով վտանգաւոր որոշում», որու նախադէպը ստեղծած է ԱՄՆ-ն։