Իրանը արձանագրած է Միացեալ Նահանգներու կողմէ փոխըմբռնման յուշագրի առնուազն 42 էական խախտում։ Այս մասին ըսուած է ՄԱԿ-ի մէջ Իրանի մշտական ներկայացուցիչ Ամիր Սայիտ Իրաւանիի՝ համաշխարհային կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարին եւ Անվտանգութեան խորհուրդի նախագահին ուղղուած նամակին մէջ։
«Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը փաստագրած է Իսլամապատի փոխըմբռնման յուշագիրի՝ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան կողմէ կատարուած ակնյայտ եւ էական խախտումներու 42 դէպք»,– նշուած է փաստաթուղթին մէջ։
Իրանցի դիւանագէտը ընդգծած է, որ յուշագիրի ստորագրումէն գրեթէ անմիջապէս ետք եւ մինչ օրս, Միացեալ Նահանգները համակարգուած կերպով խախտած է իր ստանձնած պարտաւորութիւնները։
«Միացեալ Նահանգները յարձակող կողմն է, այլ ոչ թէ՝ զոհ։ Խաղաղ բնակիչներու եւ քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու դէմ կանխամտածուած յարձակումները ռազմական յանցագործութիւններ են եւ մարդկութեան դէմ գործուած յանցագործութիւններ»,–ընդգծուած է նամակին մէջ։