Ամերիկյան Hulu համացանցային հեռուստաալիքով ցուցադրուող «Սպանութիւններ Շէնքին մէջ» (Only Murders in the Building) հաղորդաշարին մէջ անդրադարձ կատարուած է հայերու եւ յոյներու ցեղասպանութեան:
Հաղորդաշարի դրուագներէն մէկուն մէջ գլխաւոր հերոսներ Օլիվըրը (Մարթին Շորթ) ու Չարլզը (Սթիվ Մարթին) կ'այցելեն իրենց ծանօթներէն մէկուն՝ Թետիին, որ վերջիններուս կը պատմէ իր նախնիներուն պատմութիւնը:
Թետին ազգութեամբ յոյն է: Ան կը պատմէ իր մեծմօր պատմութիւնը, որ փրկուած է Հայոց եւ յոյներու ցեղասպանութեան ժամանակ. «Յոյներու եւ հայերու ցեղասպանութեան մասին գիտե՞ս։ Իմ մեծ մեծմայրս՝ Էվանկելիան, երիտասարդ կին էր, երբ թուրքերը սկսած են կոտորել յոյները»:
Հաղորդաշարին մէջ գործածուած այս արտայայտութիւնները վրդովմունքի եւ քննարկման առիթ դարձած են թրքական լրատուամիջոցներուն մէջ։ Նշենք, որ ֆիլմին մէջ գլխաւոր դերակատարմամբ հանդէս եկած է նաեւ Սելենա Կոմեզը: