ԱՄՆ-ի նախագահ՝ Ճօ Պայտըն մէկ տարիով երկարաձգած է արտակարգ դրութեան ռեժիմը, որ սահմանուած էր 2001 թուականի 11 սեպտեմբերի ահաբեկչութիւններէն յետոյ: Այս մասին յայտնած է Սպիտակ տան մամլոյ ծառայութիւնը:
«Քանի որ ահաբեկչական սպառնալիքը կը պահպանուի, երկրի մէջ արտակարգ դրութիւնը եւ այդ արտակարգ դրութեան դէմ պայքարելու համար ընդունուած լիազօրութիւնները պէտք է շարունակեն գործել 2022 թուականի 14 սեպտեմբերէն յետոյ», – ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Արտակարգ դրութեան ռեժիմի մասին որոշումը ԱՄՆ-ի իշխանութիւններուն կողմէ ընդունուած է 2001 թուականի 14 սեպտեմբերին ՝ ահաբեկչութիւններէն երեք օր անց:
Լուրը՝ «Հրապարակ»-էն