image

Ամերիկահայ բարերար Մայք Սարեանի նուէրը՝ Հայ Դատի Մարմնին. Պրիւքսէլի մէջ բացուած է «Երջանիկ Սարեան կեդրոն»ը (Լուսանկար)

  Ամերիկահայ բարերար Մայք Սարեանի նուէրը՝ Հայ Դատի Մարմնին. Պրիւքսէլի մէջ բացուած է «Երջանիկ Սարեան կեդրոն»ը (Լուսանկար)

 Եւրոպայի սրտին՝ Պելժիոյ մայրաքաղաք՝ Պրիւքսէլի մէջ այսօր բացումը կատարուած է՝ «Հայ Դատի Երջանիկ Սարեան կեդրոն»ին։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պելժիոյ իր աղբիւրէն։

 Բացման հանդիսաւոր արարողութեան ներկայ եղած է սոյն նախաձեռնութեան հեղինակ եւ նուիրատու բարերար՝ Մայք Սարեան իր ընտանիքի անդամներուն հետ միասին։

Կեդրոնի բացումը Սարեանի կողքին կատարած է Եւրոպայի Հայ Դատի մարմնի նախագահ՝ Գասպար Կարապետեան, իսկ արարողութեան ներկայ եղած են Հայ Դատի անդամ- գործիչներ, համայնքային ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ հրաւիրեալներու սեղմ շրջանակ մը։

 Ամերիկայի, Հայաստանի, մօտիկ անցեալին Արցախի, Լիբանանի, Սուրիոյ հայութեան համար ծանօթ անուն է Մայք Սարեանի անունը,ուր ան հանդէս եկած է տարբեր նախաձեռնութիւններով եւ բարերարութիւններով։

 Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան աջակից՝ Մայք Սարեան 2022 թուականին Հայ Դատի յանձնախումբին խոստացած էր գլխաւոր բարերարը դառնալ Պրիւքսէլի կեդրոնի գնման ու կեդրոնի հաստատման համար ու այդ նպատակով օրին յայտարարած էր, որ պատրաստ է յատկացնել 300 ամն պատկառելի գումար մը։