image

Ամերիկացին, ի նշան բողոքի, ինքնահրկիզուած է Ուաշինկթընի մէջ Իսրայէլի դեսպանատան դիմաց

Ամերիկացին, ի նշան բողոքի, ինքնահրկիզուած է Ուաշինկթընի մէջ Իսրայէլի դեսպանատան դիմաց

ԱՄՆ օդուժի ծառայողը ինքնահրկիզուած է Ուաշինկթընի մէջ Իսրայէլի դեսպանատան դիմաց, որու հետեւանքով այժմ ծայրայեղ ծանր վիճակի մէջ է, գրած է The Guardian-ը:

Ոստիկանութիւնը յայտնած է, որ տղամարդու այրուածքները շատ լուրջ են:

Համացանցի մէջ հրապարակուած տեսանիւթին մէջ կ՚երեւի, որ համազգեստ կրող ամերիկացին կը պոռայ՝ «Ազատ Պաղեստի՛ն» եւ Իսրայէլը կը մեղադրէ Կազայի մէջ ցեղասպանութիւն իրագործելու մէջ:

Կազայի հատուածի առողջապահական ծառայութեան տուեալներով՝ հոկտեմբերէն ի վեր իսրայէլեան հարուածները Կազայի մէջ սպանած են 29,692 պաղեստինցի, որու երկու երրորդը կանայք եւ երեխաներ են, իսկ 69,879-ը վիրաւորուած է։