image

Ամենայն Հայոց հայրապետը ուղղուած է Հռոմ. Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. պիտի հանդիպի Հռոմի Պապին

Ամենայն Հայոց հայրապետը ուղղուած է Հռոմ. Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. պիտի հանդիպի  Հռոմի Պապին

5 Հոկտեմբերին Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը մեկնեցաւ Հռոմ (Իտալիա)՝ մասնակցելու Սանթ Էճիտիոյի համայնքին կողմէ կազմակերպուած «Մարդիկ որպէս եղբայրներ եւ երկրի ապագան․ կրօններն ու մշակոյթները երկխօսութեան մէջ» խորագրով համաժողովին եւ միջեկեղեցական աղօթքին։ Համաժողովին Նորին Սրբութիւնը հանդէս պիտի գայ բանախօսությամբ, նաեւ պիտի քարոզէ միջեկեղեցական աղօթքի արարողութեան ընթացքին։

Այցելութեան ընթացքին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հանդիպում պիտի ունենայ Հռոմի Սրբազան Քահանայապետ Ֆրանչիսկոս Պապին հետ։

Նորին Սրբութեան պատուիրակութեան կազմին մէջ են Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մէջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պաշտօնական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեանը, Մայր Աթոռի լուսարարապետ Տ․ Մուշեղ եպիսկոպոս Պապայեանը, ՀՀ Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեանը, Քարոզչական կեդրոնի եւ Մայր Աթոռի մէջ գործող Արցախի հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան գրասենեակի տնօրէն Տ․ Գարեգին վարդապետ Համբարձումեան եւ Վեհափառ Հայրապետի գաւազանակիր Տ. Անանիա աբեղայ Ծատուրեանը:

Համաժողովին եւ միջեկեղեցական աղօթքին իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ նաեւ Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք Տ. Սահակ արքեպիսկոպոս Մաշալեանը։