Արաբերէն լեզուով լոյս տեսնող տնտեսագիտական «Ալ իքթիսատ Նիուզ» հարթակը, վերջերս յօդուած մը հրապարակած է «Գալուստ Կիւլպէնկեաի կեանքին ու գործունէութեան մասին, զայն խորագրելով՝ «Տիրանալով Իրաքի նաւթի 5 առ հարիւրին,աշխարհի ամենահարուստ մարդոցմէ մին դարձած ՝Գալուստ Կիւլպէնկեանը»։
«Արեւելք» նիւթը կը ներկայացնէ ՝թարգմանաբար
Գալուստ Կիւլպէնկեան ծնած է 23 Մարտ 1869-ին, Պոլսոյ Սկիւտարի շրջանը։ Ան իր բարձրագոյն ուսումը ստացած է Մարսէյլի, ապա Լոնտոնի մէջ։
1888 թուականին, Կիւլպէնկեան կը մեկնի Պաքու՝ խորացնելու համար նաւթի վաճառականութեան մարզին մէջ իր գիտութիւնը։ Ան ֆրանսերէն լեզուով զանազան ուսումնասիրական յօդուածներ գրած է նաւթի մասին։ Քարիւղի մասին իր այս հրապարակումներով, իր համբաւը, որպէս նաւթի փորձագէտ, գրաւեց օսմանցի նախարարներուն ուշադրութիւնը։ Կայսրութենէն իրմէ խնդրեցին ուսումնասիրութիւն մը պատրաստել նաւթով հարուստ Իրաքի հողերուն մասին, որոնք կը գտնուէին սուլթանի տիրապետութեան տակ։
Օսմանեան կայսրութիւնը սկսաւ փլուզուիլ, եւ Կիւլպէնկեան հաստատուեցաւ Լոնտոն։
Ան կրցաւ համոզել Արեւելքն ու Արեւմուտքը, որպէսզի միասին գործակցին։ Ան ինքզինք կը նկատէր «Առեւտուրի ճարտարապետ», որ ունէր տեսլական, հիմնուած՝ հաւասարակշռուած մրցակցային շահերու եւ նախագծուած հիմքերու վրայ։
Կիւլպէնկեանի յարաբերութիւնները, անկլօ-հոլանտական՝ Royal Dutch-Shell ընկերութեան հետ շատ մօտիկ էին, սակայն ան միշտ զգոյշ էր եւ կը փորձէր պահպանել իր անկախութիւնը:
1912 թուականին, Թուրքիոյ ազգային դրամատունը ստեղծեց թրքական նաւթային ընկերութիւնը (TPC), շահագործելու համար Իրաքի հարուստ նաւթահանքերը։ Բաժնետոմսերուն 25%-ը կը պատկանէր Royal Dutch-Shell ընկերութեան, 35%-ը Թուրքիոյ Ազգային դրամատան, 25%-ը Deutsche Bank-ին, իսկ մնացած 15%-ը կը պատկանէր Գալուստ Կիւլպէնկեանին։ Երբ ընկերութիւններուն միջեւ մրցակցութիւնը սրեցաւ, Կիւլպէնկեան համաձայնեցաւ իր մասնաբաժինը կրճատել՝ 15%-ը վերածելով 5%-ի։
Թերթը կը նշէ, թէ երբ Գալուստ Կիւլպէնկեան 1955-ին մահացաւ, անոր հարստութիւնը մօտաւորապէս 800 միլիոն տոլար էր, որ ներկայիս համազօր է 9 միլիառ տոլարի (առանց հաշուի առնելու այն անհաշիւ գումարները, զորս նուիրած է իր ընտանիքի անդամներուն)։ Մահէն ետք, անոր հարստութեան մեծ մասը յատկացուեցաւ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկին։ Այժմ՝ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնադրամը, աշխարհի ամենահարուստ քառասուն հիմնադրամներէն մին է։
Նիւթը պատրաստեց՝ Նայիրի Տաղլեան