Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու (ԱՄԷ) Ռաս ալ-Խայմա էմիրութեան ամանորեայ հրավառութիւնը Կինեսի մրցանիշերու գիրքին մէջ գրանցուած է մէկանգամէն երկու անուանակարգի մէջ՝ որպէս ջուրի վրայ հրավառութեան ամենաերկար շարան եւ որպէս երկինքի մէջ հրավառութեան ամենաերկար շարան: Այս մասին ԹԱՍՍ-ին յայտնած է Ռաս ալ-Խայմայի զբօսաշրջութեան զարգացման վարչութիւնը։
Դիտարժան հրավառութիւնը տեղի ունեցած Ալ Մարճան արհեստական կղզեխումբի եւ Ալ Համրա տարածքի միջեւ ինկած 4,5 քմ երկարութեամբ ափի վրայ։ Բացի ջուրի վրայ տեղադրուած հրավառութիւններէն, շոուին ներգրաւուած են աւելի քան 1 հազար հրարուեստական եւ լուսատիոտային (LED) անօդաչու թռչող սարքեր, ինչպէս նաեւ օդային խուսանաւումներ կատարող սարքեր։
Մօտ 50,000 մարդ դիտած է ութ վայրկեանանոց ներկայացումը, ըսած է գերատեսչութեան ներկայացուցիչը: