Գերմանիա բնակող ատրպէյճանցի փախստականները բողոքի ցոյց կատարած են Միւնիխի Bayerischer Hof հիւրանոցին մօտ՝ պահանջելով պատժամիջոց կիրառել Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի դէմ։
Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրէս»-ը, վկայակոչելով ատրպէյճանական լրատուամիջոցները, ցուցարարները պահանջած են չզոհաբերել ժողովրդավարութիւնը յանուն կազի ու նաւթի եւ պատժամիջոցներ կիրառել Ալիեւի դէմ։
Ցուցարարները «Ալիեւ՝ բռնապետ», «Ազատութիւն քաղաքական բանտարկեալներուն» վանկարկումներով դիմաւորած են Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը եւ անոր օգնական Հիքմեթ Հաճիեւը, որոնք կը ժամանէին Bayerischer Hof հիւրանոց:
Նշենք որ Միւնիխի անվտանգային համաժողով տեղի ունեցած է Bayerischer Hof հիւրանոցի մէջ, որու ծիրէն ներս կայացած է Փաշինեան-Ալիեւ-Պլինքըն եռակողմ հանդիպումը: