Վենսի հետ քանի մը ժամ տեւած քննարկման ընթացքին այդ հարցը նոյնպէս բարձրացուած է, եւ ես ներկայացուցած եմ Ատրպէյճանի դիրքորոշումը։ Այս մասին France 24-ին տուած հարցազրոյցին մէջ ըսած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը՝ անդրադառնալով Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան նկատմամբ իրականացուած շինծու դատավարութեան արդիւնքներուն։
Լրագրողի հարցին, թէ հնարաւո՞ր է ներում շնորհել Ատրպէյճանի մէջ դատապարտուած Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան, Ալիեւ պատասխանած է. «Դուք կը պատկերացնէ՞ք Երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն ետք Նիւրնպերկեան դատավարութիւնները, երբ նացիստ առաջնորդները դատապարտուեցան մահապատիժի, եւ երկու ամիս անց մէկը ըսէր՝ խնդրեմ ազատ արձակեցէք զանոնք»։
Պատասխանելով արցախցիներու վերադարձին մասին հարցին՝ Ալիեւ ըսած է, որ եթէ Հայաստանը նման դիմում ներկայացնէ, Ատրպէյճանը այն կը դիտարկէ, սակայն այդ կրնայ տեղի ունենալ փոխադարձութեան սկզբունքով։
«Մենք առաջարկած ենք Ղարաբաղի մէջ ապրող բոլոր հայերուն դիմել քաղաքացիութեան կամ աշխատանքի արտօնութեան համար։ Անոնց ներկայացուցիչներու հետ շփումներ եղած են, սակայն անոնք նախընտրած են հեռանալ Հայաստան։ Միաժամանակ հարիւր հազարաւոր ատրպէյճանցիներ արտաքսուած են Հայաստանի ներկայ տարածքէն, սակայն Հայաստանի կառավարութիւնը երբեք առաջարկ չէ ըրած անոնց վերադարձին համար։ Վերադարձի իրաւունքը համընդհանուր իրաւունք է, եւ Ատրպէյճանը պիտի պահպանէ զայն, եթէ դիմումներ ըլլան։ Սակայն, նկատի ունենալով, որ մենք 30 տարի պատերազմած ենք եւ մեր տարածքը բռնագրաւուած էր, կ՚ակնկալենք նոյն վերաբերմունքը հարիւր հազարաւոր ատրպէյճանցիներու նկատմամբ, որոնց մենք կը կոչենք Արեւմտեան ատրպէյճանցիներ»,– ըսած է Ալիեւ։
Ի պատասխան հարցին՝ արդեօք մօտ ապագային կը սպասուի՞ լիակատար խաղաղութիւն եւ յարաբերութիւններու ամբողջական կարգաւորում, Ալիեւ նշած է, որ իր կարծիքով՝ այո։ Անոր խօսքով՝ Օգոստոս 8-ին Սպիտակ տան մէջ ստորագրուած փաստաթուղթը կը նշանակէ, որ հակամարտութիւնը աւարտած է եւ սկսած է խաղաղութեան շրջան մը, որ, ըստ Ալիեւի, կրնայ ըլլալ երկարաժամկէտ։