image

Ալիեւ Պաքուի մէջ ընդունած է Մաթվիենքոն

Ալիեւ Պաքուի մէջ ընդունած է Մաթվիենքոն

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ Պաքուի մէջ ընդունած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Դաշնային ժողովի Դաշնային խորհուրդի նախագահ Վալենթինա Մաթվիենքոն, յայտնած է Դաշնութեան խորհուրդի մամուլի ծառայութիւնը։

Նշենք, որ Մաթվիենքոն մարտ 16-ին պաշտօնական այցով ժամանած է Ատրպէյճան:

Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ Մաթվիենքոն Պաքուի մէջ քննարկումներ պիտի ունեանայ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու զարգացման շուրջ:

Աւելի ուշ Մաթվիենքոն պիտի ժամանէ Հայաստան: