Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահներ Իլհամ Ալիեւը եւ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանը հեռախօսազրոյց ունեցած են, որու ընթացքին կողմերը քննարկած են երկկողմ համագործակցութիւնը եւ ատրպէյճանա-հայկական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը։
«Ապրիլ 7-ին նախագահ Ալիեւը զանգահարած է նախագահ Էրտողանին: Զրոյցի ընթացքին կողմերը քննարկած են Ապրիլ 6-ին Պրիւքսէլի մէջ ԵՄ-Ատրպէյճան-Հայաստան ձեւաչափով եռակողմ հանդիպումը: Նախագահ Ալիեւ դրական գնահատած է ձեռք բերուած արդիւնքները», կ'ըսուի Ատրպէյճանի նախագահի մամուլի ծառայութեան հաղորդագրութեան մէջ:
Ալիեւ նշած է, որ բանակցութիւններէն յետոյ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է աշխատանքային խումբի ստեղծման վերաբերեալ` Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիր նախապատրաստելու համար` հիմնուելով Ատրպէյճանի կողմէ ներկայացուած հիմնարար սկզբունքներու վրայ, «որոնք, ի թիւս այլ բաներու, կը ներառեն տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչումը եւ տարածքային պահանջներէ հրաժարիլը»:
«Էրտողան իր հերթին գոհունակութիւն յայտնած է ձեռք բերուած արդիւնքներէն», կ'ընդգծուի տեղեկատուութեան մէջ:
«Զրոյցի ընթացքին նշուած է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագրի ստորագրումը, ճանապարհային եւ այլ հաղորդակցութիւններու բացումը պիտի ապահովեն խաղաղութիւնն ու կայունութիւնը տարածաշրջանին մէջ, պիտի նպաստեն տարածաշրջանի երկիրներու զարգացման», կ'սըուի հաղորդակցութեան մէջ:
«Պետութիւններու ղեկավարները միտքեր փոխանակած են ատրպէյճանա-թրքական երկկողմ դաշնակցային յարաբերութիւններու տարբեր հարցերու շուրջ», կ'ընդգծէ Ատրպէյճանի նախագահին մամուլի ծառայութիւնը: