Հայաստանի անկախութեան 35-րդ տարեդարձին առիթով՝ Պրիւքսէլի ամէնէն ծանօթ խորհրդանիշերէն մէկը՝ «Մաննըքէն փիս» արձանիկը 21 Սեպտեմբերին զգեստաւորուեցաւ հայկական աւանդական տարազով։
Պելժիոյ մայրաքաղաքին կեդրոնը կայացած այս իւրայատուկ արարողութեան ներկայ գտնուեցան Հայաստանի դեսպան Տիգրան Բալայեան, տեղական իշխանութեանց ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ հասարակական կազմակերպութեան անդամներ, որոնք ստանձնած են արձանիկին պաշտպանութիւնը։
Դեսպան Բալայեան այս նախաձեռնութիւնը որակեց իբրեւ Հայաստանի եւ Պելժիոյ միջեւ բարեկամութեան գեղեցիկ վկայութիւն՝ ընդգծելով, որ այս կերպարանափոխութեամբ հայկական մշակոյթն ու ինքնութիւնը իրենց ուրոյն տեղը կը գտնեն Պրիւքսէլի սրտին մէջ։
Իր կարգին, պելժիացի քաղաքական գործիչ Տաւիտ Ուէյցման բարձր գնահատեց հայ ընտանիքներուն տասնամեակներու ներդրումը երկրի մշակութային կեանքէն ներս՝ իբրեւ վառ օրինակ յիշատակելով Պօղոսեան հիմնադրամին կողմէ վերականգնուած «Վիլլա Էմփայըր»ը։
Նշենք, որ այս արձանիկը զանազան երկիրներու ազգային տարազներով զգեստաւորելը Պրիւքսէլի քաղաքային մշակոյթի աւանդութիւններէն մէկն է։ Առաջին անգամ ըլլալով է որ արձանիկը կը ներկայանայ «հայկական տարազ»ով։