image

G7-ի ղեկավարները խոստացած են նոր պատժամիջոցներ Ռուսիոյ դէմ

G7-ի ղեկավարները խոստացած են նոր պատժամիջոցներ Ռուսիոյ դէմ

Ֆրանսայի Էվիան-լէ-Պէն քաղաքին մէջ տեղի ունեցող գագաթաժողովի ընթացքին Մեծ Եօթնեակի (G7) երկիրներու ղեկավարները համատեղ յայտարարութիւն հրապարակած են՝ պարտաւորուելով աւելցնել ճնշումը Ռուսիոյ վրայ եւ շարունակել իրենց աջակցութիւնը Ուքրանիոյ։

Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը։

«Մենք կը պարտաւորուինք աւելցնել ճնշումը Ռուսիոյ ռազմական տնտեսութեան վրայ։ Այս շրջածիրէն ներս մենք պիտի խստացնենք մեր պատժամիջոցները, ներառեալ նաւթի եւ կազի ոլորտներու նկատմամբ»,– նշուած է փաստաթուղթին մէջ։

Յայտարարութեան համաձայն՝ այժմ այդ առումով «յարմար պահ» է, քանի որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ համաձայնութեան հասած է Իրանի հետ՝ Հորմուզի նեղուցի բացման հարցին շուրջ։

G7-ի առաջնորդները նաեւ շեշտած են, որ միասնական են Ուքրանիոյ «անսասան աջակցութիւն ցուցաբերելու» հարցով, քանի որ երկիրը կը պաշտպանէ իր ազատութիւնը, ինքնիշխանութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը։

«Մենք կը վերահաստատենք մեր համերաշխութիւնը Ուքրանիոյ ժողովուրդին հետ, որ կը տառապի կենսական ենթակառուցուածքներու եւ մշակութային ժառանգութեան դէմ իրականացուող յարձակումներէ։ Մենք բարձր կը գնահատենք Ուքրանիոյ դիմակայունութիւնն ու վերջին ամիսներուն ռազմաճակատին վրայ արձանագրած յառաջընթացը եւ կը շեշտենք, որ այժմ հոն նոր շարժընթաց մը կը նկատուի»,– նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Մեծ Եօթնեակի ղեկավարները ընդգծած են, որ այս շարժընթացին աջակցելու եւ զայն արագացնելու համար համաձայնած են «աւելցնել հակաօդային պաշտպանութեան կարողութիւններու, լրացուցիչ համակարգերու եւ կալանող սարքերու, ինչպէս նաեւ հեռահար կարողութիւններու մատակարարումը»։ Անոնք նաեւ պատրաստակամութիւն յայտնած են քննարկելու Ուքրանիոյ արտօնագրեր տրամադրելու հարցը, որոնք պիտի թոյլատրեն աւելցնել երկրի ռազմական արտադրութիւնը։

Բացի այդ, G7-ի երկիրները խոստացած են լրացուցիչ աջակցութիւն տրամադրել Ուքրանիոյ ուժանիւթային ոլորտին, որ երկիրը յաջողի յաղթահարել յաջորդ ձմեռը։

Համատեղ յայտարարութեան մէջ առանձին բաժիններով անդրադարձ կատարուած է նաեւ Մերձաւոր Արեւելքին եւ Հնդկա-Խաղաղովկիանոսեան տարածաշրջանին։