ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ նախազգուշացուցած է, որ ամերիկեան ուժերը պիտի պատասխանեն իրենց դէմ Իրանի իրականացուցած յարձակման, այն բանէ ետք, երբ մէկ ամսուան դադարէ վերջ կողմերը նոր հարուածներ փոխանակած էին։ Թրամփ այս մասին ըսած է Fox News-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին։
«Մենք անոնց ծանր հարուած պիտի հասցնենք։ Պատասխան պիտի ըլլայ»,– ըսած է ԱՄՆ նախագահը։
Ան Իրանը անուանած է «պաշտօնապէս ձախողած երկիր՝ առանց օդուժի, նաւատորմի եւ արժոյթի»՝ աւելցնելով, որ հոն սղաճը հասած է 300 տոկոսի, իսկ ղեկավարները ի վիճակի չեն ներկայացնելու իրենց երկիրը։
Ան նաեւ ըսած է, որ ամերիկեան հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը խոցած են իրանական բոլոր հրթիռները, որոնք կրնային որեւէ վնաս հասցնել։ Թրամփ աւելցուցած է, որ ԱՄՆ-ի կողմէ Իրանի դէմ սահմանուած տնտեսական պատժամիջոցները մեծ ազդեցութիւն կը գործեն։
Բացի այդ, ըստ Reuters գործակալութեան՝ Թրամփ Օվալաձեւ գրասենեակին մէջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է, որ նոր հարուածները չեն նշանակեր լայնածաւալ պատերազմի վերադարձ։
«Այս չի նշանակեր, որ մենք անոնց պիտի չհարուածենք։ Տեսնենք, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ»,– աւելցուցած է Թրամփ։
ԱՄՆ նախագահին նաեւ հարցուցած են, թէ արդեօք ինք կը բացառէ Իրանի դէմ միջուկային զէնքի օգտագործումը։ Ան ժխտական պատասխան տուած է՝ ընդգծելով, որ նման բան ընելու «պատճառ չկայ», քանի որ Իրանը արդէն «ռազմական առումով ամբողջովին պարտուած է»։