image

Ախոյեան Կարէն Մարգարեան. «Յաղթանակս՝ անմահ զոհերու յիշատակին»

Ախոյեան Կարէն Մարգարեան. «Յաղթանակս՝ անմահ  զոհերու յիշատակին»

Ուրախ եմ, որ 20 տարեկաններու մէջ պայքարս աւարտեցի Եւրոպայի երրորդ ախոյեանութեամբ եւ այդ յաղթանակը կը նուիրեմ մեր անմահ զոհերու յիշատակին: Այս մասին ըսաւ ծանրամարտի Եւրոպայի մինչեւ 20 տարեկաններու ախոյեան, 20-ամեայ Կարէն Մարգարեանը:

Ֆինլանտայի Ռովանիեմի քաղաքին մէջ տեղի ունեցած ծանրամարտի մինչեւ 20 տարեկաններու Եւրոպայի ախոյեանութեան մէջ Կարէն Մարգարեանը (81 քկ) երրորդ անգամ նուաճեց ախոյեանի կոչումը։

Ոսկէ մետալին համար ան կը պայքարէր խմբակից Սուրէն Գրիգորեանի հետ, որ արծաթէ մետալ նուաճեց:

«Այսպէս աւարտեցի պայքարս 20 տարեկաններու մէջ եւ կը մտնեմ մինչեւ 23 տարեկաններու պայքարի մէջ: Եւրոպայի այս յաղթանակս կը նուիրեմ մեր անմահ զոհերու յիշատակին: Նաեւ կը նուիրեմ ընտանիքիս, որոնք միշտ իմ կողքիս են եւ կը քաջալերեն զիս», ըսաւ Կարէն Մարգարեան: