image

Ականի պայթումին հետեւանքով նահատակուած Սարիբեկ Եղոյեանը կը ծառայէր Բերդի մէջ

Ականի պայթումին հետեւանքով նահատակուած Սարիբեկ Եղոյեանը կը ծառայէր Բերդի մէջ

Ականի ապայթումի պատճառած վիրաւորումի հետեւանքով երէկ՝ 12 հոկտեմբերին՝ ժամը 18:30-ի սահմաններուն, զոհուած ՀՀ ՊՆ N զօրամասի զինծառայող, մայոր Սարիբեկ Գուրգէնի Եղոյեանը Բերդ համայնքի զօրամասերէն մէկուն մէջ կը ծառայէր։

NEWS.am-ը տեղեկացած է, որ Սարիբեկ Եղոյեանը ծնունդով Շիրակի մարզի Մեծ Մանթաշ վարչական շրջանէն էր, ամուսնացած էր, ունէր մէկ անչափահաս որդի։

32-ամեայ մայորն ունէր երկու քոյր եւ մէկ եղբայր, ան տան աւագ զաւակն էր։ Սարիբեկ Եղոյեանը աւարտած էր Վազգէն Սարգսեանի անուան ռազմական համալսարանը։