Հայաստանի վարչապետն ըսաւ, որ այս բեկումը պարզապէս հնարաւոր չէր ըլլար առանց նախագահ Թրամփի անձնական ներգրաւուածութեան եւ խաղաղութեան հաստատման ուղղուած անոր վճռական յանձնառութեան, յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը։
«Ատրպէյճանի նախագահն ըսաւ․ «Նախագահ Թրամփը վեց ամսուան մէջ հրաշք գործեց»։ Փաքիստանի վարչապետն ըսաւ՝ Թրամփը պատասխանատու է 30 միլիոն կեանք փրկելու համար»,-նշած է ան՝ խօսելով Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ կարգաւորուած հակամարտութիւններու մասին։