Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահու իր տիկնոջ ուղեկցութեամբ այցելած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ։ Այս մասին նշուած է Սեպտեմբեր 28-ի ուշ երեկոյեան X հարթակին վրայ վարչապետի գրասենեակին տարածած հաղորդագրութեան մէջ։
«Վարչապետ Բենիամին Նաթանիահու եւ իր տիկինը երէկ այցելած են Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ՝ ԱՄԷ-ի նախագահ շէյխ Մուհամմատ պըն Զայէտի հրաւէրով»,– նշուած է գրառման մէջ։
Այցին ընթացքին ուշադրութեան կեդրոն եղած են երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդումն ու տարածաշրջանային մարտահրաւէրները։
Վարչապետին ընկերակցած են Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ղեկավարը, «Մոսատ»-ի ղեկավարը, ռազմական քարտուղարը եւ արտաքին քաղաքականութեան հարցերով խորհրդականը։
Էմիրաթական WAM գործակալութիւնը նոյնպէս հաստատած է Նաթանիահուի այցը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ՝ նշելով, որ երկու ղեկավարները քննարկած են երկկողմ յարաբերութիւններն ու կապերը ամրապնդելու ուղիները։
«The Associated Press»-ի հաղորդմամբ՝ գաղտնի այցը տեղի ունեցած է այն տեղեկութենէն շաբաթներ ետք, ըստ որուն Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահը Իսրայէլի վրայ պաղեստինեան «Համաս» զինեալ խմբաւորման 2023 թուականի Հոկտեմբեր 7-ի յարձակումէն առաջ Նաթանիահուին զգուշացուցած էր սպառնացող վտանգին մասին։ Ըստ տեղեկութիւններու՝ Իսրայէլի վարչապետը, ենթադրաբար, այս նախազգուշացումը չէ փոխանցած անվտանգութեան ծառայութիւններուն։
Իսրայէլեան «12-րդ ալիք»-ը Սեպտեմբեր 28-ին հաղորդած էր, որ Նաթանիահուի այցելութեան նպատակն էր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահէն խնդրել հերքել, որ նման նախազգուշացում եղած է։
Նաթանիահուի գրասենեակը հերքած է, որ վարչապետը նման խնդրանք ներկայացուցած է՝ նշելով, որ այցելութիւնը բացառապէս կեդրոնացած էր երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ տարածաշրջանային մարտահրաւէրներու լուծման վրայ։