image

9 տարուան դադարէ ետք. Երեւան-Հալէպ- Երեւան առաջին թռիչքը

9 տարուան  դադարէ ետք. Երեւան-Հալէպ- Երեւան առաջին թռիչքը

Երկար տարիներու  բացակայութենէ ետք այսօր կայացաւ Երեւան-Հալէպ-Երեւան  առաջին թռիչքը։ 

 

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Երեւանի իր աղբիւրէն։ 

 

Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ «Շամ Ունինկզ»ի շնորհիւ իրականացուած  թռիչքով Հալէպէն Երեւան հասած է  147 ուղեւոր։

 

 Կը նշուի նաեւ, որ օդանաւը  դիմաւորողներուն մէջ եղած է  Հայաստանի մէջ Սուրիոյ  արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մոհամմէտ Հաժ Իպրահիմ, որ այս առթիւ ալ կարծ զրոյց մը ունեցած է «Զուարթնոց» միջազգային օդակայան գտնուող հայրենի  լրագրողներուն հետ։

 

 Յիշեցնենք, որ  9 -ամեայ դադարէ ետք Հալէպի օդակայանը գործել սկսած էր 19 Փետրուար 2020-ին։