Ռուասատանի նախագահի պաշտօնին Վլատիմիր Փութինի աշխատանքը հաւանութեան արժանացուցած է ռուսաստանցիներուն 59,9 տոկոսը, երկրի ղեկավարին կը վստահի աւելի քան 64 տոկոսը, ըստ Հասարակական կարծիքի ուսումնասիրման համառուսական կեդրոնի կատարած հարցման արդիւնքներուն:
Կեդրոնի տուեալներով՝ ռուսաստանցիներուն 64,1 տոկոսը կը վստահի Փութինին: Անոր նկատմամբ անվստահութիւն յայտնած է հարցուածներուն 30,7 տոկոսը: Բացի այդ, հարցման մասնակցած ռուսաստանցիներուն 59,9 տոկոսը ընդգծած է, որ կը հաւնի անոր գործունէութիւնը նախագահի պաշտօնին, իսկ 29,35 տոկոսը՝ չի հաւնիր:
Հարցումը, որ կատարուած է հեռախօսազրոյցով, մասնակցած է 18 տարեկանէն բարձր 11.200 մարդ: