image

40 տարի անց ներկայացուած է Մհեր Մկրտչեանի չգրուած մենախօսութիւնը

40 տարի անց ներկայացուած է Մհեր Մկրտչեանի չգրուած մենախօսութիւնը

Հայ շարժանկարի օրը՝ Ապրիլ 16-ին, Գրականութեան եւ արուեստի թանգարանին մէջ տեղի ունեցած է «Ֆրունզիկ Մկրտչեան. չգրուած յետադարձ հայեացք…» գիրքի շնորհահանդէսը եւ հատորին հեղինակ Ռոպերթ Մաթոսեանի հետ հանդիպումը:

Այս գիրքը մեծ արուեստագէտի՝ Մհեր Մկրտչեանի չգրուած մենախօսութիւնն է, որ հեղինակը ձայնագրած է աւելի քան 40 տարի առաջ: Աւելին՝ Ռոբերտ Մաթոսեան, ըլլալով անոր մտերիմ բարեկամներէն մէկը եւ «Ֆիլմ» թերթի խմբագիրը, տարբեր առիթներով ուղեկցած է արուեստագէտին եւ ձայնագրած անոր հանդիպումները, արտասահմանի փառատօներուն մէջ ականատես եղած է անոր աննախադէպ ընդունելութեան եւ հանդիսատեսի ջերմ սիրոյն:

Գիրքը, ըստ հեղինակի, ուղերձ է նոր սերունդին, չգրուած յետադարձ հայեացք, ուր Ֆրունզիկ Մկրտչեան կը բանայ ինքնաճանաչողութեան, չափի եւ չափաւորութեան, արժանապատւութեան գաղտնիքները եւ խորհուրդներ կու տայ։ «Ձայնագրութիւնը կատարելու ատեն մէկ նպատակ ունէի՝ բանալ ու ներկայացնել Ֆրունզիկը որպէս անհատականութիւն, մարդ, դերասան, արուեստագէտ։ 40 տարի ետք այդ ձայնագրութիւնը վերածուեցաւ գիրքի։ Փորձած եմ չմիջամտել, շատ թեթեւ հարցեր տուած եմ, որպէսզի բացուի, խօսակցութիւնը առաջ երթայ»,– նշած է Ռոպերթ Մաթոսեան։

 

Լուրը՝ «Նոր Յառաջ»էն