image

30 Միլիոն Բրիտանացի արդէն իսկ ստացած է «Քովիտ»ի դէմ պատուաստի առաջին չափաքանակը

30 Միլիոն Բրիտանացի արդէն իսկ ստացած է «Քովիտ»ի դէմ պատուաստի առաջին չափաքանակը

 

Մեծ Բրիտանիոյ մէջ, «Քորոնա» ժահրի դէմ պատուաստանիւթի առաջին դեղաչափը ստացած է ընդհանուր առմամբ 30 151 287 մարդ, որ կը կազմէ երկրի չափահաս բնակչութեան շուրջ 57 տոկոսը, այս մասին յայտնած են առողջապահութեան նախարարութենէն, կը հաղորդէ Reuters-ը:

Ընդհանուր առմամբ 3 527 481 մարդ ստացած է երկրորդ դեղաչափը:

«Պատուաստանիւթը կը փրկէ կեանքեր եւ սա համավարակէն դուրս գալու մեր ճանապարհն է»,-ըսած է Մեծ Բրիտանիոյ առողջապահութեան նախարար Մեթ Հենքոքը: