Պուլկարիոյ նախագահի պաշտօնը պատմութեան մէջ առաջին անգամ կին կը զբաղցնէ։ Իլիանա Եոթովան պաշտօնապէս ստանձնած է պաշտօնը՝ փոխարինելով Ռումէն Ռատեւին:
61-ամեայ Եոթովան Պուլկարիոյ 33-րդ նախագահն է։
Նախապէս ան զբաղցուցած է փոխնախագահի պաշտօնը: Նոր պաշտօնին ան պէտք է որոշէ խորհրդարանի արտահերթ ընտրութեան օրը խորհրդարանական կուսակցութիւններու հետ խորհրդակցելէ ետք։
Այս ընտրութիւնը վերջին հինգ տարուան ընթացքին արդէն 8-րդը պիտի ըլլայ։ Այն կապուած է խորհրդարանական ուժերու՝ նոր կառավարութիւն ձեւաւորելու անկարողութեան հետ։
Նախորդ նախագահը յայտարարած էր, որ կ՚ուզէ նպաստել Պուլկարիոյ՝ խոր քաղաքական ճգնաժամէն դուրս գալուն եւ հրաժարական ներկայացուցած էր յունուար 19-ին: Մեւևնոյն ժամանակ, երկրի նախկին ղեկավարը մտադրութիւն յայտնած է՝ մասնակցելու խորհրդարանի արտահերթ ընտրութեան։