image

2023-ի խելայեղ աճուրդները

2023-ի խելայեղ աճուրդները

Աճուրդները համաշխարհային վաճառքներու մէջ կարեւոր տեղ ունին: Ասիկա վաճառքի ձեւ մըն է, որու ընթացքին առաւելագոյն տուողը կը շահի:

Հրապարակային գործարքներն ու սակարկութիւնները այլեւս դարձած են մեր կեանքի մէկ մասը: Հանրութիւնը կը հետեւի, թէ այս կամ այն թանկարժէք իրը ի՛նչ գինով կը վաճառուի նշանաւոր աճուրդներու ընթացքին եւ ինչպիսի՛ խելայեղ դրամներ կը դրուին՝ ապրանքի մը մեկնարկային գինէն մինչեւ վերջնական գինը: Այդ ապրանքները հիմնականը արուեստի գործեր կ՚ըլլան կամ ալ յայտնի մարդոց իրեր, հագուստներ, նամակներ, ձեռագիրներ… Պատմութեան ընթացքին եղած են աներեւակայելի գիներով վաճառուած իրեր, որոնք իրականութեան մէջ թերեւս այդքան արժէքաւոր չեն, սակայն, ինչ-ինչ իմաստներ դրուելով, անոնց համար կը ծախսուին միլիոնաւոր տոլարներ: Աճուրդները միշտ եղած են՝ անկախ քաղաքական, տնտեսական եւ այլ իրավիճակներէ:

2023 թուականին նոյնպէս հակառակ տնտեսական ճգնաժամերուն եւ պատերազմներուն, աճուրդները անպակաս չէին միջազգային գետնի վրայ: Առանձնացնենք ատոնցմէ քանի մը հատը:

Նոյեմբերին 2.2 միլիոն սթերլինով (2.7 միլիոն ամերիկեան տոլար), աշխարհի ամենախոշոր աճուրդային տունը՝ Սոթպի՚զը վաճառեց սկովտական ուիսքիի շիշ մը, որ կը նկատուի աշխարհի ամենափնտռուած ուիսքին: Այս մէկը ամենաբարձրն է մինչեւ հիմա աճուրդներու ընթացքին ոգելից խմիչքներուն տրուած գիներու մէջ: Շիշին մէջ լեցուած խմիչքը ստեղծուած է 1926 թուականին եւ վաթսուն տարի հնեցուած եղած է անտալուզեան գինիի տակառի՝ շէրրիի մէջ: Ուիսքին շիշերու մէջ լեցուած է 1986 թուականին, ընդամէնը՝ 40 շիշ: «Մակալան» ընկերութեան սկովտական ուիսքիի այս շիշէն եւս մէկ շիշ վաճառուած է 2019 թուականին՝ գրեթէ՝ 1.5 միլիոն սթերլինով։ Նոյն տակառէն լեցուած այդ քառասուն շիշերէն տասներկուքը, ներառեալ վերջին ամենասուղ վաճառուածը, իտալացի նկարիչ Վալերիօ Ատամիի կողմէն պիտակներ ունէին։

Սոթպի՚զը, ըլլալով աշխարհի ամենահին աճուրդային տունը, առաջին անգամ չէ, որ խոշոր գինով արբեցուցիչ խմիչք կը վաճառէ: Աճուրդային տունը յատուկ ցանց ունի վաճառքէն եւ արտադրութենէն ելած հազուագիւտ խմիչքներու, որոնց գնահատողները աշխարհին մէջ շատ են: Անոնք հիմնականը կը գնեն հաւաքորդները կամ ալ բարձրակարգ խմիչքներու անսանձ սիրահարները, որոնք իրենց կեանքի կարեւորագոյն առիթներուն դրամ չեն խնայեր՝ աճուրդներէ խմիչքներ գնելու համար: Այդ մէկը կ՚ընեն ոչ միայն իրենց խմելու պահանջը բաւարարելու, այլեւ՝ հիւերը զարմացնելու համար: Նմանապէս, աճուրդներէն թանկարժէք իրեր գնողները միշտ չէ, որ այդ իրին իրական կարիքը ունին. պարզապէս սուղնոց եւ հազուագիւտ իր ձեռք ձգելը դարձած է բարձրախաւային կեանքի չգրուած օրէնքներէն մին եւ շատեր ատոր կը հետեւին կուրօրէն:

Այս տարուան հոկտեմբերին Ֆրանսայի Ֆոնթենպլէօյի աճուրդին մէջ Արեւմուտքի պատմութեան ամենաականաւոր գործիչներէն մէկուն՝ Ֆրանսայի առաջին կայսեր Նափոլէոն Ա. Պոնափարթի (1769-1821) գլխարկը վաճառուած է մօտաւորապէս 2 միլիոն եւրոյով: Ասիկա այն գլխարկն է, որով Նափոլէոն կը կառավարէր Ֆրանսական կայսրութիւնը 19-րդ դարուն:

Իր կեանքի ընթացքին Նափոլէոնը կրած է հարիւրէ աւելի իւրայատուկ գլխարկներ, որոնց մեծ մասը երկեղջիւր տեսք ունէր: Մինչեւ այս գլխարկին վաճառքը, յայտնի էր, որ Նափոլէոնին պատկանող ամենաթանկ իրը ուրիշ գլխարկ մըն էր, որ 2014 թուականին հարաւ-քորէացի ձեռնարկատէր մը գնած է 1.8 միլիոն եւրոյով։ Տեղեկութիւններ կան, որ պահպանուած է Նափոլէոնի քսան գլխարկ, որոնցմէ շատերը մասնաւոր հաւաքածոներու մէջ են։ Չի բացառուիր, որ հոկտեմբերին տեղի ունեցած աճուրդէն յետոյ միւս գլխարկներու գինը աւելի կը բարձրանայ: Վաճառուած գլխարկը նոյնպէս հաւաքածոյի մը մաս կազմած է. զայն պատկանած է ֆրանսացի մեծահարուստի մը, որ իր կեանքի մեծ մասը վատնած է՝ թանկարժէք գլխարկներ հաւաքելով: Ան մահացած է անցեալ տարի եւ անոր պատկանած իրը գնած է մէկ ուրիշ հաւաքորդ:

Այս տարուան աղմկոտ աճուրդային վաճառքներէն էր նաեւ աւելի քան հազար տարուան պատմութիւն ունեցող Աստուածաշունչին վաճառքը, որ Նիւ Եորքի Սոթպի՚զ աճուրդային տունին մէջ վաճառուեցաւ 38.1 միլիոն ամերիկեան տոլարով: Մասնագէտներ նկատեցին, որ զայն աճուրդի մէջ երբեւէ վաճառուած ամենաթանկ ձեռագիրն է: Միաժամանակ այս Աստուածաշունչը կը նկատուի եբրայերէն ամենահին եւ ամբողջական Աստուածաշունչը: Ըստ լրատուամիջոցներու, գիրքը աւելին է, քան՝ 1000 տարին, այն նոյնիսկ 1100 տարեկան է։

Աստուածաշունչը գնած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախկին դիւանագէտ Ալֆրէտ Մոզէս՝ ամերիկեան շահոյթ չհետապնդող կազմակերպութեան մը անունէն եւ յայտարարած է, որ ձեռագիրը պէտք է նուիրաբերէ Թել Աւիւի հրէական ժողովրդի Սփիւռքի թանգարանին:

Սոթպի՚զի աւագ խորհրդատու Շերոն Լիպերման Մինց ձեռագրի վիճակը գնահատած է «ապշեցուցիչ»: Գիրքը պահպանուած է գրեթէ՝ ամբողջութեամբ՝ անկէ ընդամէնը քանի մը էջ կը պակսի: Ասիկա հազուագիւտ բախտ է նման հնագոյն ձեռագիրներու պարագային: Թանկարժէք ձեռագիրը կը պարունակէ աւելի քան 700 մագաղաթեայ էջ, որոնց համար գործածուած է հարիւր անասունի կաշի։

2023 թուականին աւստրիացի աշխարհահռչակ նկարիչ Կիւստաւ Քլիմթի «Հովահարով տիկինը» նկարը վաճառուած է 85.3 միլիոն սթերլինով (108.7 միլիոն ամերիկեան տոլար): Այս մէկը դարձած է Եւրոպայի մէջ արուեստի գործի եւ այս նկարիչի աշխատանքներու աճուրդի նոր ցուցանիշ: Կտաւը նաեւ նկատուած է երկրորդ ամենասուղը՝ աճուրդի մը ընթացքին երբեւէ վաճառուած դիմանկարներու մէջ:

«Հովահարով կինը» Քլիմթի վրձնին պատկանող վերջին դիմանկարն է։ Անոր մէջ պատկերուած կնոջ ինքնութիւնը տակաւին պարզուած չէ։ Նկարի նախկին սեփականատէրերուն մէջ եղած են Քլիմթի ընկեր եւ հովանաւոր Էրուին Փիոլը, հաւաքորդ Ռուտոլֆ Լէոփոլտը։ Վերջինս նկարը 1994 թուականին վաճառած է 12 միլիոն տոլարով։

Քլիմթը այն վարպետներու ցանկին մէջ է, որոնց աշխատանքները կը գնուին ինը նիշնոց գումարով։ 2006 թուականին Ռոնալտ Լաուտեր՝ գործարար եւ դիմայարդարման նիւթերու խոշոր ընկերութեան հիմնադրի որդին, 135 միլիոն տոլարով գնած է Քլիմթի «Ատել Պլոխ-Պաուեր Ա.»ի դիմանկարը։

Այս տարուան ամրան 55.22 կշռաչափ ունեցող սուտակը իր տեսակի մէջ երբեւէ վաճառուած ամենամեծ եւ ամենաարժէքաւոր թանկարժէք քարը դարձաւ աճուրդի մը ընթացքին: Նռնագոյն այս քարը Նիւ Եորքի մէջ վաճառուած է 34.8 միլիոն ամերիկեան տոլարով. գանատական հանքարդիւնաբերող ընկերութիւն մը զայն յայտնաբերած է Մոզամպիքի՝ իր ընկերութեան հանքերէն մէկուն մէջ։ Վաճառքէն առաջ Սոթպի՚զ աճուրդի տունը գոհարը անուանած է «չափազանց հազուագիւտ» եւ «ամենաարժէքաւոր եւ կարեւոր» սուտակը, որ երբեւէ յայտնուած է շուկայի մէջ: Սուտակը կոչած են փորթուգալական անունով մը, որ թարգմանաբար կը նշանակէ Ֆուրայի աստղ:

Սուտակները աշխարհի ամենաեզակի եւ թանկարժէք քարերէն են, որոնք փնտռուած են ոսկերիչներու, ժամագործներու եւ նուրբ զարդերու մասնագէտներու կողմէ: Սուտակը կը կոչեն նաեւ կիրքի քար, ատոր համար անկէ պատրաստուած զարդերը մեծ համարում ունին սիրահարներու շրջանակին մէջ: Կը հաւատան նաեւ, որ այս քարը, որպէս խորհրդանիշ, ունակ է երջանկութիւն բերել սիրոյ մէջ:

Սուտակին կը վերագրեն նաեւ թարմացնող, ուժերը վերականգնող, ուժով լեցնող, թախիծը վանող, վախերէն ազատող քար, որ կը բուժէ հարուածի հետեւանքները, սիրտն ու գիտակցութիւնը, կը մաքրէ արիւնը:

Այս տարուան ընթացքին աճուրդով վաճառուեցան նաեւ «Քուին» բրիտանական խումբի երգիչ, փարսական ծագումով Ֆրետի Մերքիւրիի անձնական իրերէն: Մեծն Բրիտանիոյ մէջ Սոթպի՚զ աճուրդային տունը վաճառած է երգիչին պատկանող մօտաւորապէս 1500 իր:

Աճուրդի հանուած իրերու մէջ էին Մերքիւրիի բեմական հագուստները, երգերու ձեռագիր բառեր, կտաւները եւ զանազան ճամբորդութիւններու ընթացքին հաւաքուած գեղեցիկ առարկաներ:

Աճուրդի հանուած իրերու կարգին էին նաեւ Սուրբ Էտուարտի թագի կրկնօրինակը եւ կարմիր թաւիշէ եւ արհեստական մուշտակէ պատրաստուած թիկնոցը, որ երգիչը հագած էր 1986 թուականին՝ Բրիտանիոյ օրհներգի ռաք կատարման ժամանակ: Ասիկա երաժիշտի վերջին ելոյթն էր խումբին հետ:

Աճուրդի դրուած էին նաեւ հանրահռչակ «We are the Champions» երգի բառերու աշխատանքային տարբերակը, որու մեկնարկային գինը սահմանուած էր 300 հազար սթերլինով: Միւս իրերու գիները նոյնպէս այս սահմաններու մէջ էին, եւ անոնք բոլորը գնած են երգիչի երգերու մեծահարուստ սիրահարները, երաժշտական ընկերութիւններ:

1991 թուականի նոյեմբերէն սկսեալ, երբ երգիչը 45 տարեկանին մահացաւ, բոլոր այդ իրերը կը պահուէին Լոնտոնի Քենսինկթընի շրջանը գտնուող Մերքիւրիի «Կարտըն լոճ» առանձնատանը մէջ: Երաժիշտի կտակին համաձայն՝ ատոնք տան հետ միասին մնացած են բրիտանուհի Մերի Օսթինին, զոր Մերքիւրին կոչած է «իր ամբողջ կեանքի սէրը»։ Երաժիշտը, որ կեանքի վերջին, հիւանդութեան օրերուն չէր պահեր իր երկսեռականութիւնը, միշտ Օսթինը նկատած է իր լաւագոյն ընկերը։ Երգիչը անոր նուիրած է երգեր, ամուսնութեան առաջարկ ըրած եւ համաձայնութիւն ստացած, թէեւ այդպէս ալ չէ ամուսնացած անոր հետ։

«Երկար տարիներ ես բերկրանք եւ առանձնաշնորհ ունեցած եմ ապրելու շրջապատուած այն բոլոր սքանչելի իրերով, որոնք Ֆրետին այնքա՜ն կը փափաքէր ունենալ եւ որոնք այնքա՜ն կը սիրէր: Բայց տարիները անցած են եւ եկած է ժամանակը, որ այս բարդ որոշումը կայացնեմ՝ գոցեմ իմ կեանքիս այս շատ առանձնայատուկ էջը», իրերը աճուրդի հանելու առթիւ ըսած է Օսթին:

Աշխարհահռչակ ռաք երգիչի իրերը, մինչեւ աճուրդի հանուիլը, ցուցահանդէսի դրուած են Նիւ Եորքի, Լոս Անճելըսի, Հոնկ Քոնկի եւ Լոնտոնի մէջ: Նախաաճուրդային ցուցահանդէսը բազմաթիւ այցելուներ գրաւած է, անոնք բոլորը կեանքէն վաղ հեռացած երգիչի յիշատակին անգամ մը եւս առընչուած են անոր իրերու միջոցով:

Ի տարբերութիւն շատ մը այլ աճուրդներու, Մերքիւրիի իրերու աճուրդէն ստացուած շահոյթի մէկ մասը ուղղուած է անոր անուան բարեսիրական հիմնադրամին, ինչպէս նաեւ երգիչ Էլթըն Ճոնի հիմնադրամին, որոնք ուշադրութիւն կը հրաւիրեն մարդու ախտաճանաչութեան մերժման վարակով պայմանաւորուած հիւանդութիւններու վրայ, ինչէն յառաջացած թոքաբորբէն ալ մահացած է Մերքիւրի: Յատկանշական է, որ իր կեանքի վերջին օրերուն Մերքիւրի միայն մէկ բան փափաքած է՝ դիտել իր տանը գտնուող արուեստի հաւաքածոյի նմոյշները: Ան շատ տկար կը զգար, զինք իջեցուցած են աստիճաններով եւ ան իր օգնականին յենած՝ շրջած է հիւրասենեակով ու ճաբոնական սենեակով՝ ժամանակ առ ժամանակ նշելով, թէ այս կամ այն իրը ո՛ւր եւ ի՛նչ պայմաններու ներքոյ ձեռք ձգած է:

ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ԵՒ ԱՃՈՒՐԴՆԵՐԸ

Պատերազմը, այնուամենայնիւ, ազդած է միջազգային աճուրդային կեանքի վրայ: Տակաւին անցեալ տարի յայտնի դարձաւ, որ արեւմտեան կարգ մը հեղինակաւոր աճուրդի տուներ, այդ կարգին՝ Սոթպի՚զն ու Քրիսթի՚զը, չեղարկած են ռուսական արուեստի գործերու վաճառքը Լոնտոնի մէջ՝ հետեւելով Ռուսաստանի նկատմամբ Արեւմուտքի սահմանած պատժամիջոցներուն, որոնք կապուած են Ռուսաստանի՝ Ուքրայնայի նկատմամբ ռազմական գործողութեան հետ:

ԱՃՈՒՐԴՆԵՐՈՒ ՏԵՍԱԿՆԵՐ

- Անգլիական կամ դասական աճուրդ

Այս աճուրդը աճուրդներու ամենատարածուած տեսակն է: Այն կ՚ընթանայ ծանօթ ձեւով՝ ապրանքի համար յայտարարուած գինը աստիճանաբար բարձրացնելով՝ սկզբնականէն մինչեւ ամենաբարձրը։ Գործարքը աւարտուած կը նկատուի, երբ կը մնայ միայն մէկ գնորդ:

- Հոլանտական աճուրդ

Հոլանտական ձեւի աճուրդը կը կատարուի՝ սկզբնական յայտարարուած գինը աստիճանաբար իջեցնելով։ Ապրանքը կը վաճառուի այն գնորդին, որ առաջինը կը համաձայնի տուեալ պահին յայտարարուած գինի մեծութեան հետ։

- Գաղտնագրուած աճուրդ

Աճուրդի այս տեսակի մէջ բոլոր մասնակիցները՝ գնորդները, իրենց նշած գիները կը յայտնեն միաժամանակ։ Ապրանքը կը վաճառուի անոր, ով յայտնած է ամենաբարձր թիւը:

- Սկովտական աճուրդ

Սկովտական աճուրդը յայտնի է անով, որ կ՚առաջադրուին շատ ցած գիներ, որոնք, սակայն, աճուրդախօսին կը բերեն խոշոր եկամուտ։ Ապրանքը՝ լոթը, աճուրդին կ՚առաջադրուի նուազագոյն մեկնարկային գինով եւ մասնակիցները աճուրդի ընթացքին կը բարձրացնեն զայն։ Գնային յայտ ներկայացնելը վճարովի է, ընդ որում՝ գնային յայտի վճարը աւելի սուղ է, քան քայլի արժէքը. օրինակ՝ գնային յայտ ձեռք բերելու համար մասնակիցը կը վճարէ ենթադրենք, 100 լիրա, բայց այդ գինով ան կարող է ապրանքի արժէքը բարձրացնել միայն ընդամէնը 20 լիրայով։

- Առցանց աճուրդ

Վերջին տարիներուն, համացանցի ընդլայնման հնարաւորութիւններուն զուգահեռ, ձեւաւորուեցան նաեւ առցանց աճուրդներու բազմաթիւ հարթակներ, ուր վաճառքը տեղի կ՚ունենայ համացանցի միջոցով։ Այն թուային առեւտուրի մէկ տարատեսակը կը նկատուի: Առցանց աճուրդները նոյնպէս ունին իրենց կանոնները եւ այս պարագային վճռողը կը դառնայ ներդրուած համակարգչային ծրագիրը, որն ալ կը սահմանէ սկիզբը, կը վարէ ընթացքը եւ կ՚աւարտէ աճուրդը: Առցանց աճուրդներէն տարածուած են անգլիականը, հոլանտականը եւ սկանտինաւեանը:

Միջազգային աճուրդի խոշոր կեդրոններ են Լոնտոնը, Նիւ Եորքը, Ամստթերտամը, Սիտնին եւ այլն: Միաժամանակ երկիրները ունին իրենց ազգային աճուրդները, որոնք տեղական մակարդակով զարկ կու տան վաճառքի այս տեսակին:

Անուշ Թրուանց

Նիւթը՝ «Ժամանակ»էն

Անուշ Թրվանց

Անուշ Թրվանց

Սովորել է ԵՊՀ-ում, իբրեւ լրագրող աշխատել է Հա...